Ըստ «Ռոսիյսքայա Կազեթա»-ի. Իսրայէլի` Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Աշխատանքը Պիտի Սկսի 2014-ի Սկիզբը
Ռուսական «Ռոսիյսքայա կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի` Մաքսային Միութեան անդամակցութեան աշխատանքը պիտի սկսի յաջորդ տարուան սկիզբը` նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակաշրջանին մէջ իր աշխատանքին պիտի սկսի յատուկ հետազօտական խումբը, որ մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրէ Իսրայէլի անդամակցութեան հարցը:
Ըստ աղբիւրին, այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի առեւտուրի գծով նախարար Անտրէյ Սլփնիով: Ան նշած է, որ խումբը միացեալ պիտի ըլլայ եւ պիտի ուսումնասիրէ այդպիսի կարելիութեան բոլոր դրական ու բացասական կողմերը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իսրայէլի այդ կառոյցին հաւանական միացման մասին նախապէս յայտարարած էր Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արքատի Տվորքովիչ:
Ներկայիս Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը 3 միլիառ տոլար է: Ռուսական կողմը կը նախատեսէ յառաջիկային այդ ցուցանիշը հասցնել 3.5 միլիառ տոլարի:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած էր, որ Իսրայէլի եւ Մաքսային միութեան միջեւ առանց տուրքի առեւտուրի գօտիի ստեղծումը կրնայ մշակուիլ ու ստորագրուիլ 2014-ի սկիզբը:
Փորձագէտները, ըստ աղբիւրին, կը կասկածին, որ այս նախագիծը կարելի պիտի ըլլայ կեանքի կոչել, այդ ալ` այդքան սեղմ ժամկէտներու մէջ: Բացի ատկէ, Իսրայէլ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիր ունի Եւրոպական Միութեան հետ: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ճիշդ այդ հանգամանքն էր, որ վերջերս խնդիր դարձաւ Ուքրանիոյ պարագային:

