Թուրքիոյ Մէջ Փտածութեան Գայթակղութեան Հարց. Էրտողան Կը Սպառնայ «Հակառակորդներու Ձեռքերը Կտրել»

R.ErdoganԹուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմնակիցներու հաւաքին ընթացքին խոստացած է «իր ընդդիմախօսներուն ձեռքերը կտրել», եթէ անոնք չդադրին իր կառավարութիւնը զրպարտելէ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ «լրտեսներ» եւ «դաւաճաններ» անուանած է այն անձերը, որոնք կազմակերպած են թուրք պաշտօնատարներու եւ նախարարներու որդիներու ձերբակալութիւնը: Ըստ Թուրքիոյ վարչապետին, փտածութեան դէմ գործողութիւնը իրականութեան մէջ «միջազգային դաւադրութիւն» է:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն հակազդած են աղմկայարոյց ձերբակալութիւններուն` պաշտօնազրկելով ոստիկանութեան աշխատակիցներ: Ընդհանուր առմամբ, այս ձերբակալութիւններէն ետք պաշտօնէ արձակուած են իրաւապահ մարմիններու շուրջ 70 աշխատակիցներ:

Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Կասկածի Տակ Կ՛առնէ
Գայթակղութեան Առնչակից Նախարարներու
Օրինականութիւնը

Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին չեն ճանչնար օրինականութիւնը այն նախարարներուն, որոնց անունը կը նշուի փտածութեան գայթակղութեան մէջ:

Ըստ Պահչելիի, այդ նախարարներուն բոլոր որոշումները կուսակցութեան անդամներուն կողմէ անօրինական պիտի նկատուին, այնքան ատեն, որ անոնց անմեղութիւնը չէ ապացուցուած:

Թուրք Նախարարները Կը Մեկնաբանեն

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայան մեկնաբանած է երկրին մէջ տեղի ունեցած փտածութեան գայթակղութիւնը, որուն հետ առնչուած է նաեւ իր որդիին անունը: Ըստ նախարարին, իրենք ծուղակը ինկած են:

«Մենք յայտնուած ենք մեծ ծուղակի մը մէջ, որ այլ նպատակներ եւ մարտահրաւէրներ ունի: Այն, որ ես կամ որդիս, կամ մինչեւ իսկ գործընկերներս մեղսակից ենք այդ գործին, սուտ է: Յառաջիկայ օրերուն ամէն ինչ պիտի բացայայտուի», ըսած է ան:

Ըստ նախարարին, իրենք արժանապատիւ կերպով դուրս պիտի գան այդ բարդ իրավիճակէն:

Գայթակղութիւնը մեկնաբանած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր: Ան յայտարարած է, որ որեւէ պահու պատրաստ է հրաժարական տալու եւ կը սպասէ Էրտողանի որոշումին:

Կիւլեր նաեւ նշած է, որ գայթակղութեան հետ ինք եւ որդին որեւէ կապ չունին:

Share this Article
CATEGORIES