Նախիջեւան Իր Սեփական Բանակը Պիտի Ունենայ

Azerbaijan_Defense_MinistryԱզրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի կայքէջը, կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան բանակ ստեղծելու մասին:

Նոր ստեղծուելիք բանակին հրամանատար նշանակուած է զօր. Քերեմ Մուսթաֆայեւ, որ նախապէս կը վարէր Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ընդհանուր զօրքերու հրամանատարի պաշտօնը:

Զինուորական ստորաբաժանում ստեղծելու մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի նիստին ընթացքին յայտարարած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վահիտ Ալիեւ:

Share this Article
CATEGORIES