Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ֆատի Սուուան հարցաքննեց Ռումիէի բանտին մէջ ծառայող 12 բանտապահներ` բանտին մէջ թմրեցուցիչ տարածելու եւ զինուորական հրահանգները խախտելու գծով: Դատախազ Սուուան անոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակեց:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի Հաշուեքննիչ դիւանի նախագահ, դատաւոր Աունի Ռամատանի համաձայնութիւնը ստացած է` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները ֆինանսաւորելու առումով Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու:
ՔԱԹԱՐ 20 միլիոն տոլար տրամադրեց Լիբանան հասած 24 հազար սուրիացի ընտանիքներու:
ՍՈՒՐԻ մուտքին զետեղուած ինքնաշարժ մը, որուն ականուած ըլլալուն մասին կասկածներ կային, բանակի սակրաւորներուն կողմէ ենթարկուեցաւ ստուգումի: Ստուգումէն ետք ի յայտ եկաւ, որ ինքնաշարժը ականուած չէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ հանրապետութեան նախագահը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին չի մտածեր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական բոլոր կողմերն ու լիբանանեան բոլոր համայնքները ներկայացնող կառավարութիւն մը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ժապալ Մըհսեն շրջանի բնակիչներէն մէկը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Մալլուլէի մէջ խոշտանգուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ տիւրզիներուն ուղղուած իսլամանալու պահանջը անտեղի է, որովհետեւ անոնք արդէն իսլամ են, ինչպէս իսլամական բոլոր յարանուանութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայիս հարց տուաւ. «Ի՞նչն է, որ կ՛արգիլէ բոլորին կողմէ ընդունուած անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ ընտրել»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ Սաուիրիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումը կը փաստէ քաղաքացիներուն մօտ գտնուող զէնքին վտանգը:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի շեշտեց, որ անհատական միջադէպերը կրնան համայնքային հսկայ սադրանքներ պատճառել, եթէ կարելի չըլլայ զանոնք հակակշիռի տակ առնել:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք կը զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողականները յաղթեն, ապա Լիբանանի գոյութիւնը կը վտանգուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասր յոյս յայտնեց, որ կազմուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներառող կառավարութիւն մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառը նկատեց պարտուողական եւ նահանջի ճառ մը` աւելցնելով, որ անոր ճառերը երբեք վախազդու չեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար:

