Մանսուր Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Մանսուր եւ Փաուլի

Մանսուր եւ Փաուլի

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Մանսուրի յանձնած է Հարաւային Ափրիկէի վերաբերեալ ֆրանսական քաղաքականութեան մասին նամակ մը:

Փաուլի մերժեց պատասխանել լրագրողներուն կողմէ ուղղուած այն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

Ֆրանսացի դեսպանը բաւարարուեցաւ ըսելով. «Կարդացէ՛ք վերջին հարցազրոյցս»:

Share this Article
CATEGORIES