Պըրրի Ընդունեց Նասըրական Կուսակցութիւններու Պատուիրակութիւնը

Պըրրի` Նասըրական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նասըրական կուսակցութիւններու պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մոհամետ Խաուաժա:
Հանդիպումէն ետք Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկուած են երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Ան նշեց, որ քաղաքական առումով պիտի արձանագրուին շրջանային եւ միջազգային զարգացումներ, որոնք իրենց արդիւնքները պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:
Մրատ շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանանը յուզող հիմնական մտահոգութիւնը կառավարութեան կազմութիւնն է` աւելցնելով, որ չէզոք կառավարութիւն մը կամ 8+8+8 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւն մը շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ երկրին համար: Ան նշեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւնները երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի անորոշութիւն:
Մրատ կոչ ուղղեց 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

