Սալամ. «Լիբանան Պիտի Ուղղուի Դէպի Ապահովական Անդունդ, Եթէ Քաղաքական Կացութիւնը Այս Ընթացքով Շարունակուի»
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական տագնապը բաւական վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ներկայ կացութիւնը եթէ նոյն ընթացքով շարունակուի, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի ապահովական անդունդ:
«Լիբանանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը երկրին խաղաղութեան եւ կայունութեան դէմ սպառնացող իսկական սպառնալիք է», շեշտեց Սալամ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան ներկան անիշխանութեան եւ անկարողութեան տրամաբանութեան գերին պէտք չէ մնայ, իսկ ապագան պէտք չէ օտարին նախատեսած կամ պատկերացուցած հաւանականութեան նմանի:
Սալամ մաղթեց, որ Նոր տարին բոլոր լիբանանցիներուն համար աւետիսներու տարի մը ըլլայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

