Նախագահ Սլէյման Հանգիստ Կը Զգայ Սաուիրիի Մէջ Կացութիւնը Հաւասարակշռելու Առիթով

Նախագահ Սլէյման եւ Ռաատ

Նախագահ Սլէյման եւ Ռաատ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց քննարկել Սաուիրիի մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները եւ ցաւ յայտնեց, որ զոհեր արձանագրուած են ու բնակարաններ հրկիզուած` կարգ մը հակառակորդ կողմերու միջեւ տիրող տարակարծութիւններու պատճառով:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց, որ սիրոյ եւ ներողամտութեան ոգին տիրէ բոլոր շրջաններուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Լիբանանի եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերը:

Նախագահ Սլէյման գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` Սաուիրիի մէջ կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան որդեգրած քայլերը` տօնական օրերուն պաշտպանելու համար աղօթավայրերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը պահպանելու եւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները ազգային համախոհութեամբ ու հանդարտութեամբ լուծելու միջոցները:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ մեկնեցաւ` առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու: Սակայն «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երեկոյեան հաղորդեց, թէ Ռաատ քննարկած է նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ «Մանար»-ի, Ռաատ նախագահ Սլէյմանի խորհուրդ տուած է կատարուած իրողութեան կառավարութիւն չկազմելու` նկատի ունենալով Լիբանանի համար այդ քայլին ունենալիք վտանգները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:

«Նահար» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման 29 դեկտեմբերին Պաապտայի լրագրողներուն հետ իր ունենալիք զրոյցին ընթացքին կարեւոր կեցուածքներ պիտի արտայայտէ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական իր պաշտօնավարութիւնը պիտի չերկարաձգուի` աւելցնելով, որ ինք 26 մայիս 2014-ին պիտի գտնուի Ամշիթի իր բնակարանին մէջ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք նախագահական իր իրաւասութիւնները մինչեւ վերջին օրը պիտի օգտագործէ` կազմելու համար կառավարութիւն մը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան  պիտի մասնակցի 22 յունուար 2014-ին տեղի ունենալիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Իտալիոյ մէջ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան նուիրուած խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES