Հարաւային Լիբանանի Մէջ . «Լիբանանեան Բանակը Պատրաստ Է Դիմադրելու Որեւէ Բռնարարքի» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց բանակին զօրամասերը, որոնք դիրքաւորուած են Մերժահիունի մէջ:
Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց սպաներուն եւ զինուորներուն ի գործ դրած ջանքերը` հայրենիքին եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան ի խնդիր:
«Լիբանանեան բանակը յանձնառու է հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է հարաւի մէջ անվտանգութեան պահպանումին` գործակցելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ: «Բայց եւ այնպէս, բանակը քաջ գիտէ թշնամի Իսրայէլին ախորժակները Լիբանանի նկատմամբ, յատկապէս այն իմաստով, որ թշնամի Իսրայէլ լիբանանեան ներքին հարցերը չարաշահելով կը ջանայ միջլիբանանեան սադրանքներ նախապատրաստել: Սակայն բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի», ըսաւ զօր. Քահուաժի:
Ան աւելցուց, որ բանակը սպառնալիքներուն նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ:
Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի եւ բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ:
Զօր. Քահուաժի շնորհաւորեց անոնց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` դրուատելով միջազգային խաղաղապահ ուժերուն զոհողութիւնները` տօնական օրերը իրենց ընտանիքներէն հեռու անցընելու առումով:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը գործակցի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ Զահրանի եւ Սայտա, ուր շնորհաւորեց զինուորները եւ գնահատեց անոնց ջանքերը` պահպանելու համար տուեալ շրջաններուն ապահովական կայունութիւնը:
«Ապրայի, Աուալիի եւ Մեժտալիունի մէջ արձանագրուած պատահարները բաւարար էին յստակացնելու, թէ բանակը լուռ պիտի չմնայ իրեն դէմ գործուած բռնարարքներուն նկատմամբ», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

