Փարիզի Մէջ. Եւրոպայի Մէջ Հայաստանի Դեսպաններու Խորհրդակցութիւն

Ambassadorial-meeting-in-ParisՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Փարիզի մէջ վարեց եւրոպական երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ խորհրդակցութեան ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներուն կատարման:

Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց հաւատարմագրուած երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Էդուարդ Նալբանդեան դեսպաններուն հետ քննարկեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական մարզին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ամփոփեց 2013 թուականին կատարուած աշխատանքները եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան յաւելեալ զարգացման կարեւորութիւնը, անդրադարձ կատարուեցաւ դեսպանութիւններու գործունէութեան տնտեսական բաղադրիչի նշանակութեան, միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնման, տեղեկատուական դաշտին մէջ եւ դեսպանընկալ երկիրներու հասարակական կառոյցներուն հետ աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES