«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզ Յաղթեց Սելթիքսի

nba-2312«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ինտիանա Փէյսըրզ արձանագրեց իր 22-րդ յաղթանակը` 106-79 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոսթըն Սելթիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 24 կէտ, իսկ անոր խմբակից Լենս Սթեֆընսըն` 12 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ երկարաձգումէն ետք 120-116 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզին, հակառակ անոր որ վերջինիս մաս կազմող Քեւին Լով նշանակեց 45 կէտ: Պլէյք Կրիֆին (Քլիփըրզ) նշանակեց 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:

Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ 104-98 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթիի:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս
Պրուքլին Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մավըրիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Օրլինզ

 

Share this Article
CATEGORIES