Թրափաթոնի Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Լացիօ Ռոմայի Մարզիչ
Ըստ Goal.com կայքէջին, շատ հաւանական է, որ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ճիովանի Թրափաթոնի նշանակուի Լացիօ Ռոմայի մարզիչ, եթէ իտալական ակումբը որոշէ պաշտօնանկ ընել իր այժմու մարզիչը` Վլատիմիր Փեթովիչը:
ArmSport.am կայքէջը կը յայտնէ, որ այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած արդիւնքները դժգոհ ձգեցին ակումբին պատասխանատուները:
«Քալչիօ»-ի 17 հանգրուանի մրցումներէն ետք Լացիօ Ռոմա 20 կէտով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Էտուարտօ Ռեյան ինք եւս յոյս ունի ստանձնելու մարզիչի պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական

