Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ծնունդի այս օրով կ՛արժէ լաւ պտոյտ մը ընել բարեկամներով կամ սիրելի անձերով: Հաճելի պահեր պիտի ապրիք միասնաբար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր քունին, լաւ քնացէք եւ հեռու կեցէք շատակերութենէ: Ձեր ստամոքսին արժէքը գիտցէք, ստամոքսը ակռայ չունի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք տօնական օրը շարունակել ձեր սիրած անձերուն հետ: Առիթը մի՛ փախցնէք, օրը հիանալի է եւ առողջ կը մնաք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ ուրախ չէք, օրը պիտի յատկացնէք հանգիստի: Այսուհանդերձ, կարիք չկայ այլամերժ ըլլալու, կրնաք միանալ ձեր բարեկամներուն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ ուրախ էք, երջանիկ պիտի ըլլաք ձեր շուրջիններով, ձեր զաւակներով եւ թոռնիկներով: Ծնունդը կ՛ուրախացնէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ տխրիք տօնական այս օրով, միջոցը ստեղծեցէք ըլլալու զուարթ: Հեռաձայնեցէք ձեր բարեկամներուն կամ սիրելիներուն, որ միանան ձեզի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին համար պիտի ըլլաք երջանկութեան աղբիւր մը: Օրուան փնտռուած անձը պիտի մնաք, հետեւաբար մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ս. Ծննդեան այս օրով ամէն ինչ գեղեցիկ պիտի թուի: Եկեղեցի, ընտանիք եւ բարեկամներ պիտի ըլլան օրուան ծրագրին կարեւոր բաժինները:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անոնք, որոնք ընտանիք չունին, առանձին են, կրնան իրենց երջանկութիւնը գտնել` միանալով բարեկամներու: Լաւատեսութեամբ դիմաւորեցէք Ս. Ծննդեան տօնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը ունի մտածելու, առանձին խոկալու առիթ: Կրնաք հանգստանալ, եթէ տրամադրութիւն չունիք դուրս ելլելու: Մի՛ մոռնաք սակայն, որ տօն է այսօր:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ որեւէ ցաւ ունիք, գլխու կամ կռնակի ցաւ, ճար մը գտէք փարատելու համար այդ ցաւը եւ միացէք ձեր տօնական ուրախութիւնը վայելող բարեկամներու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անգամ մը որ Ս. Ծննդեան տօնը անցնի, դարձուցէք 2013-ի էջը եւ մտածեցէք նոր ծրագիրներու մասին, մի՛շտ լաւատեսութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES