«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Վեհափառին Կաթողիկոսական Ընտրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Khoren-IԶարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, 1963 փետրուարին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը 25 փետրուար 1963-ին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանը կաթողիկոսական տեղապահ ընտրեց: Կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 5 մայիս 1963-ին եւ Խորէն արքեպիսկոպոս ընտրուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս:

Կիրակի, 5 մայիս 1963-ին Հայց. Ս. եկեղեցին ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ, փառաշուք օր մը անցուց եւ Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը պատմական անմոռանալի թուական մը արձանագրեց:

Հաւատացեալ ժողովուրդը, խուռներամ բազմութեամբ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, արդէն լեցուցած էր վանքը իր շրջափակով:

Ս. պատարագը, հոգեզմայլ երգեցողութեամբ, բարձրախօսներով լսելի կը դառնար չորս կողմէն:

Պատարագիչն էր Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը ոչ մէկ անգամ այնքան չէր փառաւորուած հոգեւորականներու պատկառելի ներկայութեամբ: Արդարեւ, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու եւ քահանաներու բազմաշարք ներկայութիւնը առաւել շքեղութեամբ մը կը փառաւորէր Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղապահ Տ. Խորէն Ս. արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, մեծաշուք թափօր մը, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու, սարկաւագներու, դպրեվանքի սաներու եւ պատգամաւորներու, ուղղուեցաւ դէպի երջանկայիշատակ Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսի թարմ հողակոյտը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յուզիչ արարողութիւն: Ամերիկահայ պատգամաւորներու կողմէ ծաղկեխաչ մը  զետեղուեցաւ:

Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը պարպուեցաւ եւ դռները փակուեցան:

Վեհարանի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուն էր Լիբանանէն, Ամերիկայէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Սուրիայէն ժամանած պատգամաւորներով ու հիւրերով:

Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտ մը կը տիրէր:

Կեդրոնական յանձնախումբը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները աւարտած էր ու հաւատացեալ բազմահազար ժողովուրդը, դպրեվանքի շրջափակին մէջ անհամբեր կը սպասէր: Պատգամաւորական ժողովի գումարման պահն էր: Պիտի ընտրուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր գահակալը:

Պատգամաւորները, եկեղեցական դասը եւ տեղապահ սրբազանը, հաւատացեալներու երկարատեւ ծափերուն արժանանալով, վեհարանէն հանդիսաւոր թափօրով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կազմած շղթային մէջէն մուտք գործեցին մայր տաճար:

Դռները փակուեցան եւ բացուեցաւ պատգամաւորական ժողովը:

Տեղապահ սրբազանի աղօթքէն ետք, պատգամաւորներու երիցագոյն անդամ Յակոբ Տէր Մելքոնեան ատենապետ եւ կրտսերագոյն անդամ մեթր Վարդգէս Շամլեան ատենադպիր կազմեցին առժամեայ դիւանը` կատարելու համար պատգամաւորներու լիազօրագրերուն ստուգումը:

Յակոբ Տէր Մելքոնեան հակիրճ ճառ մը խօսեցաւ:

«Սրբազան հայր, հոգեւոր հայրեր եւ յարգելի պատգամաւորներ,

«Այս ժողովը, որ կը գումարենք այսօր, Կիլիկեան աթոռին տարեգրութեանց մէջ աննախընթաց է: Եկած ենք այս սգաւոր աթոռին վրայէն սեւ քօղը վերցնելու եւ ընտրելու վախճանեալ վաղամեռիկ Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսի արժանաւոր յաջորդը»:

Այնուհետեւ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Կիլիկեան դարաւոր Ս. աթոռին հակիրճ պատմականը ըրաւ եւ ըսաւ. «Ձեր խղճին հանդէպ պատասխանատու չըլլալու համար կը հրաւիրենք ձեզ ձեր կոչումը իրագործելու»:

Պատգամաւորները ըստ կարգի, նախ տեղապահ սրբազանը, ապա արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, վարդապետները, աբեղաները, քահանայ հայրերն ու պատգամաւորները Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Ամերիկայի, Թեհրանի, Իրանահնդկաստանի, Ատրպատականի եւ Յունաստանի, իրենց լիազօրագրերը ներկայացնելով ստորագրեցին դիւանի տոմարին մէջ:

91-ի վրայ 85 պատգամաւորներ ներկայ եղան: Վեց հոգի կը բացակայէին բանաւոր պատճառով:

Ժողովի օրինաւոր դիւանի անդամ ընտրուեցան Ա. ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան, Ա. ատենադպիր մեթր Վարդգէս Շամլեան եւ Բ. ատենադպիր Ալպերթ Պերնարտի:

Շատ յուզիչ ու գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ տեղապահ սրբազանը: Ան ըսաւ.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր պատմութեան այս նորագոյն հանգրուանին, այս պատմական պահուն, կ՛ողջունենք զՁեզ ի բոլոր սրտէ, քրիստոնէական սիրոյ ջերմ զգացումներով եւ օրհնելով բոլորդ, բարի գալուստ կը մաղթեմ Ձեզի:

Կաթողիկոսարանիս մայր տաճարի այս խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ հաւաքուած ենք այսօր կատարելու անյետաձգելի պարտականութիւն մը: Հաւաքուած ենք ընտրելու նոր գահակալ մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. աթոռին համար, որ թափուր մնաց ուղիղ երկու եւ կէս ամիս առաջ, այնքան անսպասելի եւ ողբերգական պարագաներու ներքեւ:

Armenian-CatholicosateՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կը գումարուի այսքան բազմանդամ Պատգամաւորական ժողով մը եւ առաջին անգամն է, որ այդ ժողովին մաս կը կազմեն նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Թեհրանի, Իրանահնդկաստանի, Ատրպատականի եւ Յունաստանի թեմերը, ի վաղուց անտի այս Ս. Աթոռին կապուած միւս թեմերու կողքին: Այս իրողութեամբ ալ, անոնց պատգամաւորներուն ներկայութիւնը առաւել եւս կը շեշտէ այս պատկառելի ժողովին արժէքը եւ կատարելիք կաթողիկոսական ընտրութեան նշանակութիւնը:

Արդ, ողջունիւ եւ օրհնութեամբ կը մաղթեմ, որ իրենց այս մասնակցութիւնը լաւագոյնս արդիւնաւորուի ոչ միայն յօգուտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այլ եւ ի բարգաւաճումն յիշեալ թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Շեշտուելու արժանի երկրորդ իրողութիւնն ալ կը վերաբերի այն կենսական դերին, որ վերապահուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր վաղուան գործունէութեան տեսակէտով: Վերջին եօթնամեակի սփիւռքահայ կեանքը, իր վերելքով եւ այլատեսակ մարզերու մէջ ապահոված գործական արդիւնքներով, եկաւ հաստատելու թէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի բարգաւաճման համար  շատ կարեւոր ազդակ մըն է մեր այս դարաւոր հաստատութիւնը: Կիլիկեան Ս. աթոռը, լոկ տեղական հանգամանքով եւ սահմանափակ առաքելութեամբ աթոռ մը չէ այլեւս: Անոր առջեւ բացուած են գործունէութեան լայն հորիզոններ եւ հեռանկարներ: Ծով են հայկական սփիւռքի կարիքները եւ այս Ս. Աթոռը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին նոյն այդ սփիւռքին մէջ, չի կրնար անտարբեր մնալ հայ ժողովուրդի կարիքներուն հանդէպ: Պարտաւոր ենք եւ հետեւաբար ի վիճակի պէտք է ըլլանք հասնելու հոն, ուրկէ օգնութեան ձայն մը, դիմում մը, խնդրանք մը կը հասնի մեզի: Ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել հայ ժողովուրդին, – այս է եղած մեր նշանաբանը անցեալին մէջ, այս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային:

Արդ, բացուած յայտարարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութեան այս պատկառելի պատգամաւորական ժողովը, կը հրաւիրեմ զՁեզ բոլորդ ձեր նուիրական պարտականութեան եւ օրհնելով զՁեզ, կ՛աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային իմաստութիւնը ցօղէ ձեր միտքերուն մէջ, պայծառացնէ Ձեր մտածումները եւ սիրոյ ու ծառայութեան զգացումներով զօրացնէ ձեր սրտերն ու հոգիները, որպէսզի պատգամաւորի ձեր նուիրական պարտականութիւնը կատարէք յօգուտ մեր պատուական ժողովուրդին, ի պատիւ մեր ազգին եւ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, Ամէն»:

Դիւանի կողքին, պատգամաւորներէն երկու հոգի, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ Սեւակ Սարգիսեան ընտրուեցան քուէները ստուգողները:

Երկրորդ քուէարկութեամբ, վերոյիշեալ սրբազաններէն ան որ առաւելագոյն քուէն պիտի ստանար, պիտի դառնար Կիլիկիոյ աթոռին նոր գահակալը:

Պահը յուզիչ էր ու պատմական:

Հոգեշնորհ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան բարձրախօսի առջեւ կը կարդար Խորէն արք., Տէր Խորէն սրբազան, Խորէն սրբազան, բարձր. Խորէն Բարոյեան: Շատ չանցած, խանդավառ ծափերը այլեւս լսելի չէին դարձներ հայր սուրբին ձայնը: Բոլոր լոյսերը վառուեցան եւ մայր տաճարի զանգերը սկսան ուրախ ղօղանջել, աւետելով նոր գահակալի ընտրութիւնը: Սեւ քօղը վերցուեցաւ կաթողիկոսական աթոռէն եւ դպրաց երգեցիկ խումբը սկսաւ «Ուրախ լեր Ս. եկեղեցի» շարականը երգել, բազմաթիւ աղաւնիներ արձակուեցան ի նշան ուրախութեան:

Քուէներու լրիւ ստուգումէն ետք, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ բարձր. Խորէն արք. Բարոյեան 85-ի վրայ 83 ձայնով ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս:

Նորընտիր հայրապետը, շուրջառազգեստ, իր աղօթքը ըրաւ Ս. Սեղանի առաջ եւ խօսեցաւ յուզիչ ուղերձ մը: Ան ըսաւ.

«Յարգելի եւ սիրելի պատգամաւորներ,

Ինքզինքս խորապէս զգացուած կը նկատեմ այս պահուս ձեր այնքան ջերմ եւ սիրալիր վերաբերումին համար, որ ցոյց տուիք ինծի հանդէպ, մանաւանդ ձեր այն վստահութեան համար, որով ձեր քուէները կեդրոնացուցիք իմ տկար անձիս վրայ, զիս ընտրելով կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Բոլորիդ անխտիր, իմ սրտագին օրհնութիւնները եւ իմ ջերմագին շնորհակալութիւնները ձեր այս ազնիւ վերաբերումին եւ վստահութեան համար:

Յարգելի պատգամաւորներ, կ՛աղօթեմ ի բոլոր սրտէ առ բարձրեալն Աստուած, որ անշարժ ու անսասան պահէ Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին եւ զայն միշտ բարգաւաճ ու միշտ ծաղկեալ վիճակի մէջ պահէ:

Այս առթիւ, իմ եղբայրական սիրոյ եւ քրիստոնէական ողջոյնի առաջին խօսքը կ՛ուղղեմ նախամեծար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ անոր վեհափառ գահակալին` Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, մաղթելով իրեն երջանիկ եւ քաջառողջ կեանք, ցանկանալով որ իր բոլոր ճիգերն ու ջանքերը արգասաւորուին եւ պտղաբերուին, ի պայծառութիւն Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ Ս. Էջմիածնի:

Իմ երկրորդ խօսքս ողջոյնի, կ՛ուղղեմ Երուսաղէմի պատրիարքին` Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի եւ կը մաղթեմ իրեն եւ իր զինուորեալ միաբանութեան բարօրութիւն եւ երջանիկ կեանք: Կը մաղթեմ, որ մեր սրբատեղիները եւ դարաւոր իրաւունքները պահուին, պահպանուին եւ շարունակ ծաղկեալ, բարգաւաճ վիճակի մէջ մնան:

Իմ ողջոյնի երրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք սրբազանին` Շնորհք արք. Գալուստեանի, իրեն եւս մաղթելով ի բոլոր սրտէ, երջանիկ, քաջառողջ կեանք, որպէսզի իր ջանքերը պտղաբերուին յօգուտ եւ ի շահ Հայց. եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Իմ վերջին մաղթանքս, իմ վերջին աղօթքս կ՛ուղղեմ հայ ժողովուրդին անխտիր, մաղթելով անոր երջանիկ տարիներ, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:

Կը մաղթեմ, որ մեր Փրկչին Ս. խաչը եւ մեր Լուսաւորչին Ս. Աջը պահապան եւ հովանի ըլլան Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ մեր ազնիւ հայ ժողովուրդին: Ամէն»:

Սուրբ տաճարի դռները բացուեցան եւ նորընտիր վեհափառը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Որ զխորհուրդ Աստուածային» շարականով, հաւատացեալներու անդադրում ծափերով առաջնորդուեցաւ վեհարան:

Վեհարանի մուտքին, օրհնեց ժողովուրդը: Վեհափառական գահը նստելէ առաջ, իր խօսքը պատգամաւորներուն եւ ներկաներուն ուղղելով, ըսաւ. «Թող Աստուած հովանի ըլլայ եւ զօրավիգ կանգնի մեզի, որպէսզի մեր ուժին ներած չափով ծառայենք: Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւններս եւ օրհնութիւններս կը յայտնեմ ձեզի:

«Մէկ խնդրանք ունիմ ձեզմէ, աղօթեցէք ինծի համար, որ Աստուած ինծի անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը տայ, որպէսզի, այն վստահութիւնը, որ տուին ինծի ազգին պատգամաւորները, կարենամ ի կատար ածել, բոլորանուէր ճիգով եւ ամբողջական նուիրումով:

«Աստուած օրհնէ բոլորդ»:

Ուրախութեան, նաեւ յուզումի պահ մը եղաւ, երբ երգուեցաւ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ» կաթողիկոսարանի քայլերգը:

Դպրեվանքի սաներու վերջին երգը եղաւ`

«Ի վեհ բարձանց Ս. Սիովնի,

Թռիչքն առեալ աղաւնի,

Ի շնորհալւոյն բարձրացաւ գահ

Մի՛ մերձեսցի նմա մահ:

Հապօ՛ն եղբարք իմ հայկազնեանց

Օ՛ն մաղթեսցուք միաբան

Պահեա՛ ո՛վ Տէր անսասան

զՍուրբ Աթոռ Կիլիկեան,

Կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ,

Մեր Տէր Խորէն հայրապետ»:

Վեհափառը, հիւրասիրութիւնն ու աջահամբոյրը սկսելէ առաջ, ըսաւ.

«Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

«Երբ որ բացուին դռներն երգը, մեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգը դարձաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի փափաքով:

«Հողային Կիլիկիան չունինք, այլ ունինք հոգեւոր Կիլիկիան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանն է: Ան դարձաւ մեր ժողովուրդին սիրոյն կեդրոնը: Միշտ մնաց շէն, պայծառ եւ վառ, շնորհիւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդի նուիրատուութեան, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Կեցցէ՛ մեր հոգեւոր Կիլիկիան»:

Ընտրութենէն անմիջապէս ետք, հեռագիրներ տրուեցան Ամենայն Հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն եւ թեմերու պետական իշխանութեանց:

***

Ընտրութեան կիրակիին յաջորդող երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ գումարուեցան Ազգ. Ընդհ. ժողովին յաջորդական երեք նիստեր, որոնց ընթացքին մասնաւոր օրակարգերով քննուեցան եւ լուծուեցան շատ կարեւոր հարցեր:

8 մայիսին կայացած Ազգային Ընդհանուր ժողովի Բ. նիստին ընթացքին Խորէն Ա. վեհափառ ըսաւ.

«Խոր գիտակցութեամբ ստանձնեցինք այս պատմական եւ դարաւոր Ս. Աթոռին պատասխանատուութիւնը: Որոշած ենք աշխատիլ եւ ծաղկեցնել զայն: Ուխտած ենք պահել այս Ս. Աթոռը եւ վստահ ենք, թէ մեր ժողովուրդը պիտի օգնէ մեզի մեր այս դժուարին պարտականութեան մէջ:

Մեր հաստատ եկամուտներն են, կալուածներէ 50 հազար, զանազան նուէրներէ 15 հազար, Կիւլպէնկեան ֆոնտէն 15 հազար եւ բանկալէ 15-20 հազար լիբ. ոսկի. ընդհանուր գումար 100 հազար լիբ. ոսկի: Մնացեալ 125 հազարը պէտք է փակենք Աթոռատուրքով, քանի որ մեր տարեկան ելքն է 225,000 լիբ. ոսկի:

Եթէ պիտի ծաղկեցնենք այս Աթոռը, թեմերը պէտք է լիաբուռն օժանդակեն եւ սատարեն անոր բարգաւաճման ու վերելքին: Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի որ ձեր լայն միջոցներով օգնէք մեզի որ մենք ալ առանց մտահոգութեան լծուինք աշխատանքի եւ զբաղինք հոգեւորականի պատրաստութեան սրբազան գործին:

Պէտք է բոլոր թեմերու մէջ Անթիլիասի ամիս մը հաստատուի, որպէսզի թեմերը այդ ամսուան ընթացքին իրենց համար որոշուած տուրքը գոյացնեն իրենց տեղական յարմարութիւնները նկատի ունենալով:

Իւրաքանչիւր թեմ պէտք է աշխատի իրեն համար որոշուած Աթոռատուրքը վճարել իր ժամանակին, որպէսզի Ս. Աթոռը դժուարութեանց չմատնուի»:

 

Share this Article
CATEGORIES