Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հրատարակուած Է Արամ Խաչատրեանի Բազմատեսակ
Ստեղծագործական Ժառանգութիւնը
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Պրոլայթինկ» ընկերութեան համագործակցութեամբ լոյս տեսած է Արամ Խաչատրեանի բազմատեսակ ստեղծագործական ժառանգութիւնը: «9 ձայնասկաւառակ, 1 տեսասկաւառակ եւ պուքլեթ ներառող հաւաքածոն ստեղծուած է Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին մէջ պահպանուող ձայնագրութիւններուն եւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին տրամադրած նիւթերուն հիման վրայ», նշուած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հաղորդագրութեան մէջ:
Մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին նուիրուած յոբելենական հրատարակութեան հրատարակութիւնը նախատեսուած է 1000 օրինակով: Բազմատեսակ ստեղծագործութիւններու կատարողական կազմին մէջ ընդգրկուած են համաշխարհային հռչակ վայելող, հայ եւ օտար մասնագէտ երաժիշտներ: Իսկ սիմֆոնիք տեսակի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ հնչած են իր` հեղինակին ղեկավարութեամբ:
«Ժամանակը կը յառաջանայ… արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ` սերունդներուն առաջարկելով նոր լուծումներ: Իսկ մնայուն արժէքները կը շարունակեն փայլիլ անկախ ժամանակներէն` լուսաւորելով մարդկութեան ճանապարհը: Մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը այդ արժէքներէն է: Ան թոյլ կու տայ կեանքը ընկալել հոգիի աչքերով եւ զգալ երաժշտութեան անսահման եւ մեծ ուժը: Հպարտ ենք այս նախագիծին իրականացման մեր աջակցութեան համար», յայտնած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Հաղորդենք, որ ինքնատիպ այս հաւաքածոն հրատարակուած է ոչ առեւտրական նպատակով եւ նախատեսուած չէ վաճառքի համար: Կ՛ակնկալուի զայն տրամադրել` աշխարհի անուանի համալսարաններու գրադարաններու, երաժշտական փառատօներու, հաստատութիւններու, երաժշտական միաւորումներու եւ դասական երաժշտութիւն ծանուցող ձայնասփիւռի կայաններու: Սերունդներուն յղուող պատգամը կարեւոր է` սիրով փայփայել մեզի հասած փայլուն ստեղծագործական ժառանգութիւնը:
Սուրիահայերուն Աջակցելու Նպատակով
Բարեսիրական Ցուցահանդէս–Տօնավաճառ
Դեկտեմբեր 20-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որուն կը մասնակցէին շուրջ 40 սուրիահայեր:
Ցուցահանդէսէն ներկայացուած էին սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, քաղցրեղէններ: Ցուցահանդէսէն ետք կայացաւ «Նոր կեանքին ընդառաջ…» խորագիրով բարեսիրական երգահանդէս` սուրիահայ եւ հայաստանցի սիրուած արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Երգահանդէսին ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Գաբրիէլ Երանեանի, Աշոտ Սաթեանի, Գուսան Հայկազունի, սուրիահայ երգահան Սարգիս Ադամեանի ստեղծագործութիւնները` Յովհաննէս Մուպայէտի ղեկավարած դասական քառեակի, Շուշան Պետրոսեանի, Արման Նշանեանի, սուրիահայեր Ցոլեր Գարակուլեանի, Արաքս Մահտեսեանի, Մարի Արապաճեանի, Սարգիս Թուֆենքճեանի, «Հայկազունք» եւ «Զանգակներ» համոյթներու, «Շառաւիղ» մանկական երգչախումբին կատարողութեամբ:
Մասնակիցները հանդէս եկան պարային եւ ասմունքային կատարումներով: Բարեսիրական երգահանդէսէն եւ ցուցահանդէս-վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի փոխանցուի սուրիահայերուն համար Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման հիմնադրամին:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ողջունելով սփիւռքի մայր համայնքէն պատերազմին իբրեւ հետեւանք հայրենիք հաստատուած եւ հոն իրենց ստեղծագործական եւ աշխատանքային առաջին քայլերը առնող սուրիահայերը, լուսարձակի տակ առաւ հայաստանեան հասարակութեան մէջ անոնց համարկման անհրաժեշտութիւնը: Նախարարը նշեց, որ վերջիններս ուշադրութիւն կը գրաւեն որպէս բարեխիղճ եւ լաւ աշխատողներ` բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագրերով խրախուսեց երգահանդէսին մասնակից սուրիահայ ստեղծագործական խումբերն ու անհատները:
Թումանեանի «Ինը Հեքիաթներ» Ժողովածուն`
Արեւմտահայերէնով
Սփիւռքահայ եւ յատկապէս Հայաստան ապրող սուրիահայ մանուկները այս տարի կարելիութիւն պիտի ունենան հետաքրքրական եւ իւրայատուկ նուէրներ ունենալու: Թումանեանի թանգարանը մինչեւ տարեվերջ արեւմտահայերէնով լոյս պիտի ընծայէ Ամենայն հայոց բանաստեղծին անձնական գրադարանի մանկական գիրքերէն 1914 թուականին Պոլսոյ մէջ տպագրուած «Ութ հեքիաթներ» ժողովածուն:
«Գիրքը իւրայատուկ նուէր պիտի ըլլայ սուրիահայ մանուկներու համար: Ժամանակն է, որ մենք շատ սիրենք եւ փայփայենք արեւմտահայերէնը: Մենք որքան շատ կարդանք, այդքան կը յետաձգենք արեւմտահայերէնի մահը: Հիմա սուրիահայերը այստեղ են եւ սկսած են արեւելահայերէն խօսիլ, եւ շատ ափսոս է, որովհետեւ արեւմտահայերէնը սկսած է կորսուելու: Օր մըն ալ մեր առջեւ կը ծառանայ լեզուի փրկութեան հարցը», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան:
Անոր համաձայն, ստեղծուած է «Յովհաննէս Թումանեանի անձնական գրադարանի մանկական գիրքեր» մատենաշարը:
Թանգարանը կը պատրաստուի այս մատենաշարով հրատարակելու գրողին գրադարանին մէջ եղած մանկական բոլոր գիրքերը: «Մենք որոշեցինք վերակենդանացնել Թումանեանի գրադարանին մանկական գիրքերը: Թումանեան ունի չնաշխարհիկ մանկական բաժին, որուն մէջ առկայ են արտակարգ նկարազարդումներով եւ բարձրորակ տպագրութեամբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի գիրքերը: Անոնք պահուած են պահարանի մէջ եւ, ըստ էութեան, չեն ապրիր, որովհետեւ ֆոնտային են: Մեր փոքրիկները չեն կրնար անոնք կարդալ, իսկ գիրքը փակ պահարանի մէջ պահելը յանցագործութիւն է: Այս պատճառով որոշեցինք ստեղծել այս մատենաշարը», նշած է Թուխիկեան:
«Ութ հեքիաթներ»-էն բացի, ներկայիս արդէն տպարանը կը գտնուի 1909-ին ռուսերէնով տպագրուած «Ձիւնեղէն երազ» հեքիաթ-գիրքը, որ թարգմանուած է հայերէնի:
Նարինէ Թուխիկեանը հաստատեց, որ յաջորդ տարի գիրքերու վերահրատարակութիւնը պիտի շարունակուի:
2013 թուականին թանգարանը գրահրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ունեցաւ: Հրատարակուեցան Թումանեանի զաւակներէն մէկուն` Արտաւազդի արխիւին մէկ մասը` նամականին: 1913-ին Թումանեանը թարգմանած է Կրիմ եղբայրներուն ինը հեքիաթները, թանգարանը հրատարակած է հեքիաթներէն երկուքը` «Հենզելը եւ Կրեթելը», «Կարմրիկը»:
Ոսկեգործութեան 10-րդ
Միջազգային Ցուցահանդէսի Բացում
Դեկտեմբեր 13-ին Հայաստանի մէջ մէկ յարկի տակ համախմբուած էին հայաստանցի ոսկերիչ վարպետները` Ոսկեգործութեան 10-րդ միջազգային ցուցահանդէսին առիթով: Ոսկեայ եւ արծաթեայ հիւսածոյ աշխատանքներ, թանկարժէք քարերու գեղեցիկ մատուցում, տարբեր նաշխերով կնոջական զարդեր, ինքնատիպ մատանիներ, օղեր, ապարանջաններ եւ վզնոցներ: Այս բոլորը ուշագրաւ կերպով ցուցադրուած էին իւրաքանչիւր ոսկերիչի տաղաւարին մէջ:
Ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները մէկտեղած էին ոսկեգործական 42 ընկերութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին միայն հայկական գլուխ գործոցներ:
Դեկտեմբեր 13-ին ցուցահանդէս-վաճառքին բացումը կատարած է տնտեսութեան փոխնախարար Տիգրան Յարութիւնեանը: «Մեր հանրապետութեան մէջ ոսկեգործութիւնը, ադամանդագործութիւնը եւ ժամագործութիւնը արդիւնաբերական կայացած ճիւղեր են», նշած է Ոսկերիչներու միութեան նախագահ Էմիլ Գրիգորեանը եւ աւելցուցած է, որ անիկա ունի զարգացման ներուժ:
Հայաստանի ոսկերիչներուն վարպետութիւնը մեծ է, դիտել տուած է Էմիլ Գրիգորեան` նշելով, որ ուստի նպատակայարմար չէ սահմանափակուիլ միայն ներքին շուկայով, այդ պատճառով ալ մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը կ՛արտածուի: «Իսկ այս ճիւղի զարգացումը նախատեսուած է հիմնականօրէն արտահանման ուղղութեամբ: Մինչեւ Մաքսային միութեան անդամակցիլը` մեր ոսկերիչները կը համագործակցին ռուս գործընկերներու հետ: Անոնք իրենց փորձով մեզ կը նախապատրաստեն անդամակցութիւնը շահաւէտ դարձնել», յայտնած է Գրիգորեան:
«Մաքսային եւ հարկային հայաստանեան դաշտը արտօնութիւններ սահմանած է այս ճիւղի զարգացման համար, ուստի անդամագրուելէն ետք մենք պէտք է պահպանենք մեր առաւելութիւնները», նշած է Ոսկերիչներու միութեան նախագահը: Հայաստանի մէջ ոսկերչութիւնը կայացած է, սակայն տակաւին զարգացած չէ գծանկարչութիւնը: Հայաստանի ոսկերիչներուն այս իմաստով կ՛օժանդակեն Իտալիոյ միջազգային դասախօսները: Յաջորդ տարի` 11-րդ միջազգային ցուցահանդէսին իրենց գործերը պիտի ներկայացնեն նաեւ արտասահմանէն ոսկերիչներ:
Հայ Երգահաններու Ստեղծագործութիւնները
Հասանելի Պիտի Ըլլան
Առցանց Ձայնասփիւռի Միջոցով
Հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները հասանելի պիտի ըլլան առցանց ձայնասփիւռի տարբերակով` նախաձեռնութեամբ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին եւ Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան:
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Սմբատեան 17 դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ դեկտեմբերի աւարտին առցանց ձայնասփիւռը հասանելի պիտի ըլլայ նուագախումբին եւ միութեան կայքերուն ճամբով: Միութեան կայքը պիտի սկսի գործելու տասը օրէն:
«Այս գաղափարը միասնական ձեռքբերում է, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ լսել հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները», դիտել տուած է Ս. Սմբատեան:
Անոր համաձայն, վերջին հինգ տարիներուն նուագախումբին կազմակերպած փառատօները ձայնագրուած են բարձրակարգ սարքաւորումներով եւ անոնք պիտի ներկայացուին այս ձայնասփիւռին ճամբով:
«2014 թուականի մայիսէն առցանց ձայնասփիւռ կ՛ունենայ նաեւ միջազգային պլոկ, սակայն մինչեւ նշուած ժամկէտը` անիկա կը ներկայացնէ միայն հայ երաժշտական արուեստի նմուշները: Նախաձեռնութիւնը քայլ է ունկնդիրին հայ դասական եւ ժամանակակից երգարուեստի նմուշները առաւել հասանելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ` գեղագիտական ճաշակի զարգացման նպաստելու համար», նշած է ան:
«Իթթիհատ» Օդանաւային Ընկերութիւնը
Մուտք Կը Գործէ Հայաստան
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային «Իթթիհատ» օդանաւային ընկերութիւնը 16 դեկտեմբերին յայտարարած է, որ շաբաթական չորս թռիչք պիտի կատարէ Ապու Տապի-Երեւան ուղղութեամբ: Դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք թռիչքները պիտի սկսին յառաջիկայ տարուան 2 յուլիսին:
Ընկերութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Էմիրութիւններու գլխաւոր փոխադրողը երկու կարգ ունեցող «A320» օդանաւեր պիտի օգտագործէ` շաբաթական 1088 ճամբորդի փոխադրութիւն կատարելով:
Ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Երեւանը Հայաստանի մեծագոյն քաղաքն է եւ աշխարհի հնագոյն, մնայուն կերպով բնակեցուած քաղաքներէն մէկը: Նոր թռիչքները գոհացում պիտի տան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Երեւանի միջեւ օրէ օր աճող օդային ճանապարհորդութեան պահանջին: Անոնք նաեւ օգտակար պիտի ըլլան ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայերուն, եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութին` բանալով դէպի Երեւան նոր օդանաւային ուղի»:
«Իթթիհատ» օդանաւային ընկերութեան դէպի Երեւան թռիչքներու իրականացումը համահունչ է մեր` զարգացող եւ արագ աճող շուկաներ ներթափանցելու ռազմավարութեան հետ: «Իթթիհատ» ընկերութիւնը պիտի ըլլայ Ծոցի երկիրներէն միակ առեւտրային օդանաւային ընկերութիւնը, որ ծառայութիւններու ամբողջական ծրար պիտի տրամադրէ դէպի Երեւան», յայտնած է «Իթթիհատ»-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճէյմզ Հոկընը` նշելով, որ նոր ուղղութիւնը «պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման` Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աւելի եւս պիտի ամրապնդէ արդէն կայացած առեւտրային եւ զբօսաշրջային կապերը Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ»:
«Գտնուելով Ապու Տապիէն մօտ երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ` Հայաստանը իտէալական ուղղութիւն է զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք հիասքանչ տեսարաններէ եւ բազում ժամանցի վայրերէ բացի, կը փնտռեն հիանալի մշակոյթ եւ բազմամեայ պատմութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ցեղասպանութեան Թանգարանը 2015-ին
Թեքնիք Նոր Ձեւերով Եւ
Բովանդակութեամբ Պիտի Ներկայանայ
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը վերանորոգման նպատակով փակ է եւ պիտի վերաբացուի 2015-ի ապրիլ 24-ին` նոր ցուցադրութեամբ:
Վերջերս կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: Անոր համաձայն, վերանորոգման իբրեւ արդիւնք` թանգարանի տարածքը պիտի աւելնայ 2.5 անգամով, ինչպէս նաեւ պիտի աւելնայ մէկ յարկ:
«Եթէ այժմ մէկ յարկի վրայ ամփոփուած է թանգարանային ամբողջ հարստութիւնը, ապա 2015-ին թանգարան-հիմնարկը պիտի ունենայ երկրորդ յարկ: Վերանորոգումէն ետք առաջին ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը պիտի ըլլայ 2014 թուականի ապրիլին` Ա. Աշխարհամարտի 100-ամեակին կապակցութեամբ: Թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը կը վերաբացուի 2015 թուականի ապրիլի 24-ին` բովանդակային եւ արհեստագիտական նոր յագեցուածութեամբ», յայտնած է Սուրէն Մանուկեան:
Անոր համաձայն, կան կարեւոր դրուագներ, որոնք դուրս մնացած են թանգարանին ուշադրութենէն եւ այժմ փորձ կը կատարուի շեշտը անոնց վրայ դնելու: «Որոշուած է ցուցադրուող նմուշներու միջոցով շեշտադրել Հայոց ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն իբրեւ բազմահազար հայերու կոտորած, բայց եւ իբրեւ հայկական քաղաքակրթութեան կործանման եւ հայրենիքի կորուստ», նշած է Ս. Մանուկեան` աւելցնելով, որ ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի նորագոյն թեքնիքի կիրարկումով: «Կան երեք տարաչափութեամբ լուծումներ, պատկերներ, «թաչ-սքրիններ», որոնք կարելիութիւն կ՛ունենան հարիւրապատիկ աւելցնելու ցուցադրուող նմուշներուն քանակը», յայտնած է թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէնը:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան մասին` Սուրէն Մանուկեան դիտել տուած է, որ հետագայ կատարելիքներուն մէջ հիմնական են ցեղասպանագիտական կեդրոն դարձնելու նպատակով քայլերը, որ թոյլ պիտի տան Հայաստանը վերածել համաշխարհային ցեղասպանագիտական կեդրոնի: «Ամէն երկու տարին կը գումարուի համաշխարհային քոնկրեսը, որ 2015-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, աշխարհի ամենայայտնի 500 ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ», ըսաւ փոխտնօրէնը` աւելցնելով, թէ կարեւոր է Իսրայէլ Չառնիի մասնակցութիւնը, որ իր անձնական գրադարանը վերջերս նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Գրատպութեան Թանգարանը
Պատրաստ Պիտի Ըլլայ 2014-ին
«Ազգային գրադարանի անցնող տարուան ամէնէն մեծ ձեռքբերումը թամանեանական մասնաշէնքին բացումն էր», հաստատած է Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան` ներկայացնելով գրադարանի նախորդ տարուան աշխատանքները: Ան նշած է, որ ներկայիս գրադարանը լիովին հասանելի է ընթերցողին, վերանորոգուած եւ ապահովուած է համացանցով:
«2014 թուականին ծրագրին մէջ բացումը պիտի կատարուի գրատպութեան թանգարանի, ուր պիտի ներկայացուին բնօրինակ գիրքերու նմանօրինակները», յայտնած է ան: Զարգարեանի համաձայն, գրադարանի տարուան մեծ ձեռքբերումներէն էր նաեւ Նիւ Եորքէն գնուած 1755-ի «Սաղմոսարան»-ը: «Մեզի համար կարեւոր է նաեւ գրականութեան հրատարակումը: Ցարդ հրատարակած ենք մօտաւորապէս մէկ միլիոն գրականութիւն: Մինչեւ 1999 թուականի գրականութեան լոյս ընծայումը աշխատանքներն ալ կ՛աւարտենք 2020 թուականին», նշած է Ազգային գրադարանի տնօրէնը:
Անդրադառնալով գրադարանի դժուարութիւններուն` Զարգարեան լուսարձակի տակ առած է յատկապէս հաշմանդամներուն համար գրադարանին անհասանելիութիւնը: «Հարկաւոր է կարգաւորել բակը, յարմարեցնել մասնաշէնքը` հարցեր ունեցող մարդոց համար»:

