Աճուրդի Հանուած Ոճիր Մը

Էօզկիւր Մումճու «Ռատիքալ»-ի մէջ «Աճուրդի հանուած ոճիրը» խորագրին տակ հրատարակած է յօդուած մը, որ շատ խօսուն է: Ակնարկուած ոճիրը բնականաբար Հրանդ Տինքի սպանութիւնն է: Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ այս ոճիրին դատավարութիւնը վաղը պիտի շարունակուի Չաղլայեանի դատարանին մէջ, եւ ան այս առիթով կ՛ուղղէ կարգ մը հարցումներ:

Ինչո՞ւ Տինքի դատավարութիւնը միւս դատերու թղթածրարին չի միանար, ինչո՞ւ այս երկրին մէջ ատրճանակի բլթակը քաշողէն զատ ոեւէ պատասխանատու չի ձերբակալուիր: Դատարան մը վճռած էր, որ այս խնդրին ետին կազմակերպութիւն մը չկայ, ուրիշ դատարան մըն ալ չէր հաւատացած ու որոշումը բեկանած էր: Ուստի ան կը հաւատար, որ ոճիրին ետին կազմակերպութիւն մը կայ: Հիմա այդ կազմակերպութիւնը երեւան պիտի հանուի՞, թէ ոչ այս անգամ ալ պիտի ըսուի, որ ոճիրը գործուած է ասոնց կողմէ եւ ուրիշ պատասխանատու պիտի չփնտռուի: Հրանդին ընկերները անցեալ օր ըսին. «Դուք ամէն բան լաւ գիտէք, այս խնդրին պատասխանատուներն ալ գիտէք, յանցագործները պիտի յանձնէ՞ք դատարան»: Բայց լաւատես ըլլալու համար պատճառներ չկան:

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Տրապիզոնի մէջ ոստիկան զօրաց հրամանատար գնդապետ Ալի Էօզի դէմ դատ մը բացուած է պաշտօնի մէջ թերացած ըլլալու ամբաստանութեամբ, Տրապիզոնի դատարանը ուզեց, որ այս դատը միանայ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, բայց դատարանը մերժեց սա չքնաղ պատճառաբանութեամբ, որ երկուքին միջեւ դատական կապ չկայ: Ահա ծիծաղելի տրամաբանութիւն մը: Ի՞նչպէս կարելի է պնդել, որ այս երկուքին միջեւ կապ չկայ:

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ ինչե՜ր ու ինչե՛ր պատահեցան, որոնք ցոյց կու տան, թէ այս ոճիրը գործուած էր հակառակ բարձրաղաղակ ազդարարութիւններու: Օրինակները շատ են: «Ակօս» եկած է մարդ մը, որ պատմած է, թէ ուզած են ոճիրը  յանձնել ԻՊՏԱ կազմակերպութեան անդամներուն, բայց անոնք չեն ընդունած: Այս անձը պնդած է, որ Տինքի մասին լրաքաղութեան թղթածրար մը պատրաստուած էր: Ինք տեսած էր այդ թղթածրարը, եւ հոն կային բոլորովին անծանօթ տեղեկութիւններ:

«Ակօս»-ի խմբագիրները համոզեցին, որ ան վկայութիւն բերէ, ան ալ վկայութիւն բերեր է, բայց ամէն ինչ մնացեր է դատախազին քով: Ուրիշ մըն ալ Տինքին տղուն հետ կապ հաստատեց, եւ պնդեց, որ այս ոճիրը պատրաստուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ բնակող կարգ մը «Իւլքիւճիւ»-ներու ու Եազըճըօղլուի կողմէ: Քիչ վերջ այս անձը անհետացաւ մէջտեղէն:

Ուրիշ մէկն ալ Պրիւքսելի մէջ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինին պատմած է, որ Հրանդը սպաննելու գործը իրեն առաջարկուեցաւ, բայց ինք մերժեց:

Միւս կողմէ, Պեհիչ Կիւրճիհան պնդեց, որ ոճիրը առաջարկուեցաւ Քիւրշատ Եըլմազին, որ մերժեց ընդունիլ այդ պաշտօնը: Դեռ ուրիշներ ալ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ այս ոճիրը երկար ժամանակ աճուրդի դրուած էր ու հակառակ ատոր` ո՛չ մէկը կրցաւ արգելք ըլլալ ոճիրի գործադրութեան:

Share this Article
CATEGORIES