Ս. Ծննդեան Համերգ` Մեսրոպեանի Երգչախումբին Կողմէ Ներկայացուած

mesrobian-(1)19 դեկտեմբեր 2013-ին ՀԿՄ-ի «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի համերգ, կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Վանեսսա Նաժժար, որ նշեց, թէ Քրիստոսի ծնունդը իւրաքանչիւրին կու տայ նոր կեանք եւ նոր ոգի` վերանորոգելու ուխտը եւ հաւատքը: Ան աւելցուց, որ հոգեւոր համերգը առիթ մըն է Քրիստոսով մտածելու, Քրիստոսի ծնունդով վերափոխուելու եւ Քրիստոսով ամրապնդուելու:

Յայտագիրի առաջին բաժինով 7 երգերով ելոյթ ունեցաւ փոքրերու երգչախումբը, որմէ ետք  Ղազար վրդ. Պետրոսեան ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալլաճեանին (դաշնակ) երգեց երկու երգ:

mesrobian-(2)Ապա ելոյթ ունեցաւ մեծերու երգչախումբը, որուն հետ մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին մեսրոպեանականներ Սինթիա Արաբկիրլեան եւ Լիզա Սվաճեան: Աւարտին, Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբը` փոքրերով ու մեծերով երգեց «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան»-ը:

Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին մեսրոպեանական աշակերտները հայերէնով եւ բազմաթիւ այլ լեզուներով ներկաներուն պարգեւեց ուրախ եւ հոգեւոր պահեր:

Այս առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին` Մանուէլ Քէշիշեանին, որ բծախնդիր աշխատանք կատարած էր, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան նշեալ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Կ. Գալուստ մաղթեց, որ Քրիստոսին ծնունդը աշխարհին խաղաղութիւն պարգեւէ:

Share this Article
CATEGORIES