Արտասովոր Երեւոյթ Մը Ս. Խանամիրեան Ազգային Վարժարանէն Ներս

khanamirian2012Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի մանկապարտէզի Ա. վիճակացոյցի բաշխումը այս տարի ունէր արտասովոր բնոյթ: Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ին իրենց զաւակներուն վիճակացոյցները ստանալէ, լսելէ ետք թելադրանքները եւ հիւրասիրուելէ ետք ծնողները առիթը ունեցան ներկայ ըլլալու իրենց զաւակներուն յատուկ մրցանակաբաշխութեան: Այս տարի մանկապարտէզի աշակերտները պզտիկ ու զարդարուած բեմ բարձրացան իրենց ծնողներուն ներկայութեան եւ ստացան հայոց լեզուի, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներու եւ ընկերասիրութեան մրցանակներ, որոնք մեծ հաճոյք եւ խանդավառութիւն պատճառեցին թէ՛ աշակերտներուն, եւ թէ ծնողներուն, որոնք ջերմ ծափահարութեամբ քաջալերեցին իրենց զաւակները:

Մանկապարտէզը ուզեց նոր ձեւով քաջալերել իր աշակերտները, որպէսզի անոնք ձգտին աւելի լաւը տալու մինչեւ յաջորդ վիճակացոյցներու բաշխումը:

Share this Article
CATEGORIES