ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Մնաս Բարով 2013

garmirianԿրկին կանգնած ենք հին ու նոր տարիներու հանդիպման սեմին եւ ինչպէս միշտ մեծ ակնկալութիւններով եւ ժպիտով կը դիմաւորենք անյայտը, որ այնքան խորհրդաւոր ու այնքան յուսատու է…

Կարմիրեան վարժարանի ամէնէն փոքրիկ աշակերտները` մանկապարտէզի երեխաները, տարուան աւարտէն առաջ ուրախացուցին իրենց ծնողները ամանորեայ տօնական համերգով:

Վարժարանին սրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Խանդավառ էին թէ՛ ուսուցիչները, թէ՛ փոքրիկները, եւ թէ՛ մասնաւորաբար, երիտասարդ ծնողները:

Բեմը լեցուեցաւ մանկական անկաշկանդ շարժումներով: Հնչեց երաժշտութիւնը, եւ փոքրիկները իրենց անկեղծ ու լայն ժպիտներով բոլոր ներկաներուն միտքերէն անհետացուցին ամէն տեսակ ցաւ ու մտահոգութիւն…:  Բեմն ու սրահը դարձան մէկ միասնութիւն եւ տօնական տրամադրութիւնը փոխանցուեցաւ անխտիր բոլորին:

«Տօնածառ ջան, տօնածառ,
Ինչ սիրուն ես ու պայծա՜ռ…»:

Սեպտեմբերէն ի վեր շատ բան սորված էին փոքրիկները: Երգ, պար, ոտանաւորներ… Երգչախումբը կը յուշէր անոնց երաժշտական ունակութիւններուն մասին, պարը` կշռոյթի անոնց ընկալման, իսկ եռալեզու երգն ու խօսքը` մանկական ընդունակութիւններու անսահմանութեան մասին:

Մանկապարտիզպանուհի Սոնիա Տեյիրմենճեանը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ բոլորին մաղթեց պայծառ ու անամպ Նոր տարի:

Share this Article
CATEGORIES