Աստուածաբանութեան Ուսանողներ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

222-1-21Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2013-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանի ուսանողներ, իրենց դասախօսին` տոքթ. Ճորճ Սապրայի գլխաւորութեամբ, Անթիլիասի մայրավանք ժամանեցին եւ ներկայ գտնուեցան Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցին» նիւթով դասախօսութեան:

Ուսանողները եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն:

Նարեկ սրբազան ուսանողական խումբին ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններն ու դէմքերը, հայ եկեղեցաբանութեան ու աստուածաբանութեան մասնայատկութիւնները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայ իրավիճակն ու բազմածաւալ առաքելութիւնը:

Դասախօսութենէն ետք, ուսանողներ «Կիլիկիա» թանգարան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար այցելեցին:

Share this Article
CATEGORIES