Կարծիք . Ինչո՞ւ Քաղաքացիական Ամուսնութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Ատենէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ կան անհատներ կամ որոշ մտածելակերպի պատկանող մարդիկ, որոնք հրապարակային գրութիւններով եւ կամ պատկերասփիւռի յայտագիրներուն ընդմէջէն համարձակօրէն եւ հպարտութեամբ կը յայտարարեն, որ իրենց նպատակն է համայնքային դրութենէն դուրս ելլել եւ միայն լիբանանեան քաղաքացիութեան հովանիին տակ մտնելով` մէկ ազգ, մէկ հայրենիք դառնալ: Անոնք բնականաբար իրենց այս արշաւներուն ընդմէջէն կը միտին կողմնակիցներ շահիլ եւ խմբակցութիւններ կազմել:

Անոնք հայրենասիրական կոչեր եւ գաղափարներ կ՛արձակեն` չենթարկուելու համայնքներու կրօնապետներուն, քաղաքական աւատապետներու հովանաւորութենէն եւ իշխանութենէն ձերբազատելու, միայն իբրեւ քաղաքացի անհատներ ենթարկուելու պետութեան օրէնքներուն եւ փոխելով իրենց ընկերային, ընտանեկան դրութիւնները` որդեգրելու ամուսնութեան դիւրին ձեւակերպութիւնը, որուն կրնայ հետեւիլ նաեւ ամուսնալուծումը, ինչպէս կը տեսնենք արեւմտեան երկիրներու մէջ:

Նկատի պէտք է առնենք, որ նման մտածելակերպ զիրենք քայլ մը առաջ կը տանի դէպի աշխարհաքաղաքացիական գաղափար: Թէեւ մեծ թիւ չեն կազմեր այդ խօսքերը հրապարակ նետողները, որոնք ճշգրիտ կերպով չեն գիտեր` ի՛նչ պայմաններու բերումով խառն ամուսնութիւններ կնքուած են` պատահական սիրահարութեան, ընտանիքի դէմ ըմբոստացումի, ընտանիքին դէմ կեցուածքի իբրեւ հետեւանք, գործադրելու համար իրենց անձնական զեղումները: Բացառութիւններ են անոնք, որոնք օգտուելով դրացի կամ այլ երկիրներու օրէնքներու թոյլտուութենէն, հոն երթալով` քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են, թէեւ չեմ գիտեր` ինչո՛ւ աւելի ուշ կրօնական ծիսակատարութիւն ալ ըրած են:

Ճիշդ է, որ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ մեծաթիւ երկիրներ որդեգրած են անձնական իրաւանց կանոնի քաղաքացիական ձեւը` միեւնոյն ատեն արտօնելով ազատ կամքով կատարել նաեւ կրօնական ամուսնութիւն, սակայն պէտք է լաւապէս տեսնել, թէ ի՛նչ պատկեր կը ներկայացնեն այդտեղի ընկերային եւ ընտանեկան վիճակները, ուր մարդիկ կ՛ապրին որպէս նիւթ եւ մարմին, հոգ չէ, թէ պետութիւնը կը հովանաւորէ մարդ արարածը` զայն միայն ապրեցնելու, աշխատցնելու եւ շահագործելու միտումով, ի նպաստ իր պետական գանձին եւ զինուորական ուժի զօրացման:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի խճապատկերային հաւաքականութեանց, կ՛ենթադրենք, որ խորքին մէջ ոչ մէկ համայնք մտքով եւ սրտով կը համաձայնի այդպիսի դրութեան, մանաւանդ` հայերը, որոնք դարերով իրենց ընտանեկան կեանքի կարգն ու սարքը պահելու համար մաքառած եւ զոհուած են` մինչեւ այս օրերուն հասնելու համար: Եկեղեցին ձուլելով ազգայինին հետ եւ յատուկ դիմագիծ ունենալով` անոնք երբեք չեն զիջած իրենց պապենական աւանդութիւններէն, թէեւ երբեմն կը տեսնենք անհատներ, որոնք հրապարակաւ, յատկապէս պատկերասփռուած յայտագիրներով հպարտութեամբ կը յայտարարեն, որ թէեւ իրենք ծագումով հայ են, սակայն անկէ առաջ` լիբանանցի:

Ո՛չ պէտք է ըսուի, մենք, այո՛, հայ ենք, պիտի պահենք մեր հարազատ դէմքը, հպարտ ենք մեր հայութեամբ: Այնքան ատեն որ կ՛ապրինք այս հողին վրայ, նաեւ որպէս տիպար քաղաքացիներ կը մնանք` յարգելով երկրին բոլոր օրէնքները, անկեղծօրէն աշխատելով երկրին բարօրութեան համար, սակայն` առանց արտօնելու, որ մէկը դիպչի մեր ազգային եւ կրօնական առանձնայատկութիւններուն: Պէտք չէ ձուլուինք լիբանանեան ազգութեան մէջ, որ կը դաւանի արաբականութիւն: Թէեւ կը սիրենք արաբները, որոնք հիւրընկալած են մեզ եւ կ՛ապրինք իրենց հետ որպէս համաքաղաքացի, բայց պէտք է կառչած մնանք մեր իւրայատուկ ազգային դիմագիծին ու նկարագրային տուեալներուն: Մեր բնական իրաւունքն է պահել մեր արմատները` չդաւաճանելու համար մեր արեան, որովհետեւ արաբական առածն է, որ կ՛ըսէ. «Ան, որ կը մոռնայ իր հարազատ ինքնութիւնն ու անցեալը, կը նմանի ապօրինի զաւակի»: Այնպէս որ, պէտք չէ շփոթել համայնքներու խաղաղ համակեցութեան գաղափարը միաձուլման հետ` գոնէ մեր պարագային: Հետեւաբար պէտք չէ վախնանք կամ ամչնանք քաղաքացիական ամուսնութիւնը բացարձակապէս մերժելէ:

Այս միտքերը չեն ծնիր ցեղապաշտութենէ կամ ազգային մոլեռանդութենէ, այլ` մեր պապերէն մեզի փոխանցուած ցեղին հարազատ կանչէն, զուտ արիական արեան բազկերակին տրոփէն, որպէսզի չըլլանք ապերախտ զաւակները այնքան զոհողութիւններով եւ նահատակներու արեամբ մեզի հասած թանկագին աւանդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES