Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

yeghishe-(2)Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ին, Ազգ. Ե.  Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը ընդունեց  Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ  եպս. Փանոսեանի հովուապետական  անդրանիկ այցելութիւնը. անոր կ՛ընկերակցէին   Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեան եւ գործավար Մարալ Անթոյեան:

Խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական  կազմն  ու  աշակերտութիւնը ծափողջոյններով ու ծաղկեփունջով դիմաւորեցին սրբազանը:

Տեսչարանին մէջ` տնօրէնութեան ու  խնամակալութեան անդամներուն հետ ունեցած  կարճատեւ հանդիպումէ ետք առաջնորդ  սրբազանը վարժարանի սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ այս առիթով պատրաստուած  գեղարուեստական յայտագիրին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ երկրորդ  դասարանի աշակերտուհի` Մանէ Թորոյեան: Ան ըսաւ, որ Կաղանդ պապուկին գալուստին չափ ուրախ են առաջնորդին այցելութեամբ:

Ապա բեմին վրայ եղող խումբ մը աշակերտներ  յաջորդաբար հանդէս եկան հայկականութեամբ  յորդող յայտագիրով մը: Արդարեւ, Լոռի Զէքեան իր  գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց «Զինուորին մօր երգ»-ը, մինչ Հրաչ Ճինպաշեան ու Կարօ Պարտագճեան կիթառով եւ Նարին Ադամեան տհոլով ընկերակցեցան անոր. Շահէն Արապօղլեան  ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Կոչեմ  ապրողաց» բանաստեղծութիւնը, Լոռի Միթիլեան` Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն, Աւօ Մարտիրոսեան` Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնը, Սիլվի Սերայտարեան դաշնակի վրայ նուագեց դասական կտոր մը, իսկ Լոռի Գանթարճեան եւ Ցոլեր Գարճիքեան ներկայացուցին հայկական նազպար մը: Նաթալի Մարկոսեան երգեց «Մարտիկին երգը», մինչ Յովիկ Ադամեան` շուիով ընկերակցեցաւ անոր:

Վանայ Մահտեսեան ընթերցեց սրբազան հօր կենսագրութիւնը:

yeghishe-(1)Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ե. Մանուկեան քոլեճ այցելութեան համար` յստակացնելով,  թէ  այս  այցելութեան նպատակն է մօտէն  ծանօթանալ  քոլեճի առօրեային, աշակերտներուն  եւ  ընդհանուր մթնոլորտին: Ան գնահատեց ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը`  նշելով, թէ այդ մէկը քոլեճին մէջ տիրող հայեցի  մթնոլորտին արդիւնքն  է:

Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ իրե՛նք են հայ ժողովուրդի ապագան, եւ թէ ակնկալութիւնները շատ են այս սերունդէն`  նկատի ունենալով, որ  այս սերունդը պիտի դառնայ վաղուան ղեկավարը: Ան խոստացաւ յաճախակի այցելութիւններ տալ վարժարան, որպէսզի իսկապէս աւելի մօտէն ծանօթանայ բոլորին:

Յայտագիրը եզրափակեց քոլեճի տնօրէն  Զոհրապ Ղազարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ` յայտագիրին մասնակցած աշակերտներուն ու խօսքը  եզրափակեց ըսելով. «Ինչպէս ամէն ընտանիք կը  վայելէ իր հօր գուրգուրանքն ու հովանին,  նոյնպէս ալ Ե. Մանուկեան քոլեճը եւ բոլոր  ազգային վարժարանները կը վայելեն սրբազանին հովանին: Վստահ ենք, որ սրբազանին ճիգերով բոլոր ազգային վարժարանները պիտի բարգաւաճին եւ հասնին նորանոր բարձունքներու»:

Ապա առաջնորդ հայրը շրջեցաւ քոլեճի  զանազան բաժանմունքները, զբօսանքի  ընթացքին խօսակցեցաւ աշակերտներուն հետ,  այցելեց մանկապարտէզի ու նախակրթարանի  դասարանները, եւ ուսուցչարանին մէջ կայացած հանդիպում-զրոյցով վերջ գտաւ առաջնորդ հօր  այցելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES