Մասնակցութեամբ Եօթը Խումբերու` ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Երկրորդական Խումբերու Ֆութպոլի Մրցաշարքը Սկսաւ
Շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, «հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու ֆութպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ եօթը խումբերու (97-98-ի ծնունդ):
Բացման մրցումին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Տէր Խաչատուրեան եւ վարչութեան անդամներէն Նազարէթ Հապիպեան:
Շրջանային վարչութեան ատենապետը մասնակցող բոլոր խումբերուն ալ մաղթեց յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ այս մրցաշարքը կը պսակուի մեծ յաջողութեամբ, մասնակցող բոլոր մարզիկներուն մօտ անխտիր ներկայ կ՛ըլլայ մարզական ոգին եւ անոնք իրենց մրցումները կը կատարեն իբրեւ տիպար ՀՄԸՄ-ական:
Ան յարատեւ վերելք մաղթեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, որմէ ետք ան տուաւ մրցաշարքին բացման ազդանշանը:
Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը (Աղբալեան) եւ ՀՄԸՄ Պաուշրիէն (Լէյլաւան), աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով:
Երկրորդին ՀՄԸՄ Ռաուտա (Սերոբ Աղբիւր) 8-1 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի (Եղիշէ Չարենց):
Վերջապէս, երրորդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Սարդարապատ) 8-4 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Ժըտէյտէի (Նաւասարդեան):
Ինչ կը վերաբերի 2-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնք պիտի կատարուին շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2013-ին:
Ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
| ԺԱՄ | |
| ՀՄԸՄ Ժըտէյտէ (Նաւասարդեան) – ՀՄԸՄ Ռաուտա (Սերոբ Աղբիւր) | 16:30 |
| ՀՄԸՄ Պէյրութ (Դանիէլ Վարուժան) – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Սարդարապատ) | 18:00 |
| ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Աղբալեան) – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Եղիշէ Չարենց) | 19:30 |
ՆՇԵՆՔ, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան կէտերու դրութեամբ: 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք դասաւորման առաջին չորս դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսը, ուր առաջինը կը մրցի չորրորդին դէմ, իսկ երկրորդը` երրորդին:

