Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքին գծով վախ չկայ, որովհետեւ անիկա կայուն է. ան աւելցուց, որ Լիբանան արդէն իսկ շրջանցած է իր դրամատուները պատժամիջոցներու ենթարկելու հանգրուանը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ քաջալերուած են կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելու առումով: Խազեն յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ կը խօսին անոր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ չեն ուղղուիր կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման սկսած է քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարք մը եւ կառավարութեան կազմութեան համար  ունեցած է որոշ հանդիպումներ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման աննախընթաց եւ վտանգաւոր քայլ մը պիտի առնէ` կառավարութեան կազմութեան առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ երկրին կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վտանգ` նկատի ունենալով, որ ոչ ոք կը հրաժարի իր կեցուածքներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հարց տուաւ, որ եթէ մինչեւ օրս կարելի չեղաւ կառավարութիւն մը կազմել, ապա ինչպէ՞ս նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կարողութիւն չունի Լիբանանի կացութիւնը պայթեցնելու որոշում տալու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ տարուան սկիզբը զարգացումներ պիտի արձանագրուին` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ համաձայնած են իրենց միջեւ խորհրդակցութիւնները բաց ձգելու:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ առաջադրած էին կառավարութեան կազմութեան նախաձեռնութիւն մը, որ քննարկուած էր քաղաքական սեղմ շրջանակին մէջ: Ապա այդ նախաձեռնութեան պատասխանը եղած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մերժումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնած են, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յանձնառու է քաղաքական ոչ մէկ ուժի հետ կապերը խզելու:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթի աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յատուկ Միջազգային դատական ատեանին դատավարութիւնները  մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնեն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի միջեւ հանդիպումը երկուքին միջեւ հերթական հանդիպումներուն մաս կը կազմէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը իրենց հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան թղթածրարը պիտի քննարկեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց կազմելու միասնականութեան կառավարութիւն մը` կանոնաւորելու համար ներքին լիբանանեան յարաբերութիւնները:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք արժանի են իրենց քաղաքական ուղեգիծը բաժնող անձնաւորութիւն մը ունենալու իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES