Հարիրի. «Ներկայ Կացութիւնը Կրնայ Ծանր Հետեւանքներ Ունենալ»

Saad Hariri 2412Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս քրիստոնեաները:

Հարիրի նշեց, որ այս տարի տօնական օրերը կը զուգադիպին վտանգաւոր պայմաններու, որոնք կը տիրեն Լիբանանի եւ արաբական այլ երկիրներու մէջ»:

«Ներկայ կացութիւնը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ, եթէ կարելի չըլլայ իմաստուն կերպով եւ քաղաքական լարուածութիւններէ հեռու մնալով զայն հանդարտեցնել», ըսաւ Հարիրի:

Հարիրի կոչ ուղղեց Լիբանանի ազգային շահերը առաջնահերթ նկատելու, երկրին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով նախանձախնդիր ըլլալու համեստութեան, ժուժկալութեան եւ առարկայականութեան, ինչպէս նաեւ հեռանալու Սուրիոյ տագնապին միջամտութենէն եւ հրաժարելու արտաքին յանձնառութիւններէ:

«Կը մաղթենք, որ Ս. Ծննդեան տօնը ըլլայ Լիբանանի պաշտպանութեան զօրակցելու տօն մը», նշեց Հարիրի:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Թրիփոլիի յայտարարութենէն բխած որոշումները:

Սինիորա շեշտեց, որ քննարկուած են այդ յայտարարութեան գործադրութեան յատուկ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական անիւը աշխուժացնելու կարելիութիւնները` գործակցութեամբ սեփական մարզին:

Սինիորա ընդգծեց, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին այս իմաստով դարձեալ նիստ մը պիտի գումարուի:

 

Share this Article
CATEGORIES