«Մեր Եկեղեցիներուն Զանգերը Պիտի Շարունակեն Ղօղանջել, Եւ Լուռ Պիտի Չմնանք Մեր Կղերականներուն Առեւանգումին Գծով» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

youhanna_yaziji_Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ուղղեց Ս. Ծննդեան իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենք աշխարհին վրայ խաղաղութեան եւ սիրոյ դեսպաններ են, միաժամանակ Արեւելքի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մէջ մխրճուած արմատներ ունին:

«Մեր զէնքն ու գարունը ուրիշին հետ հանդիպիլն է, զայն ընդունիլը եւ անոր հետ բարձրանալը: Մեր զէնքը մեր խաղաղութիւնն է», ըսաւ ան:

Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենց եկեղեցիներուն զանգերը պիտի շարունակեն ղօղանջել` աւելցնելով, որ իրենք լուռ պիտի չմնան իրենց կղերականներուն եւ մայրապետներուն առեւանգումին գծով:

Եազիժի պատրիարքը Դամասկոսէն փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնները` աղօթելով խաղաղութեան եւ առեւանգեալներուն վերադարձին համար:

Share this Article
CATEGORIES