«Կը Մաղթենք, Որ Այս Հանգրուանը Խաղաղութեամբ Անցնի Եւ Յաջորդ Տարին Լիբանանի Համար Ըլլայ Բարեբեր» Ըսաւ Մարուան Շարպել

Marwan-Charbel-2412Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ վերջերս նշանակուած ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութիւնը լիբանանցի քաղաքացիներուն հանգստութիւն շնորհած է: Ան մաղթեց, որ երկրին դիմագրաւած այս հանգրուանը խաղաղութեամբ անցնի եւ յաջորդ տարին Լիբանանի համար ըլլայ բարեբեր տարի մը:

Շարպել շեշտեց, որ տարուան աւարտին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւնները դրական պիտի ըլլան եւ լաւատեսութիւն պիտի ներշնչեն:

«Մեր դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանը պիտի աւարտենք նուազագոյն վնասներով», ընդգծեց Շարպել:

Իր կարգին, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդի տօնը շնորհաւորելու նպատակով Շարպելի այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Միւս կողմէ, Շարպել ընդունեց ելեւմուտքի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարներու պաշտօնակատարներ Մոհամետ Սաֆատին եւ Նիքոլա Սահնաուին, որոնց հետ քննարկեց բջիջային հեռաձայնի շահերէն քաղաքապետարաններուն տրամադրուող գումարներուն թղթածրարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES