Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն` Պարտադիր Ներկայութիւն Ըլլալու Նախագահական Ընտրութեան Յատուկ Նիստին

Patr-Rai-2412Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէէն փոխանցեց Ս. Ծննդեան պատգամը, որուն մէջ մերժեց սուրբերու հող Լիբանանը վերածել հուրի ու սուրի, պատերազմի, բռնարարքներու եւ սպանութեան երկրի:

«Լիբանան Աստուծոյ երկիրն է եւ հոն կը տիրէ ազգային միասնականութեան ամբողջ պատմութիւն մը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն պէտք է հաստատել, իսկ երկրին քաղաքական պատասխանատուները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի իսկական խաղաղութիւն հաստատեն եւ երկփեղկուած քաղաքական ուժերուն միջեւ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը տարածեն:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ քաղաքացիներուն միջեւ ընկերային խաղաղութիւն սփռելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան հաստատեց երկրին ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ապօրինի զէնքին հարցը լուծել:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցին կը մերժէ լիբանանցիներուն կողմէ հողերը ծախելու արարքը:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց առեւանգուած մայրապետները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Նախագահական ընտրութիւններուն առումով, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն պարտադիր ներկայութիւն ըլլալու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յատուկ նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

 

Share this Article
CATEGORIES