Հաղորդագրութիւն
Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը եզակի այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:
Այցելուներու շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգեշնորհ եւ քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխան եւ նախարարներ, «Պուլղուրճեան» կեդրոնի բարերարներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ԼՕԽ-ականներ:
Վեհափառ հայրը շրջագայեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքներուն մէջ եւ աւելի մօտէն ծանօթացաւ հոն մատուցուող ծառայութիւններուն:
Ապա «Թնճուկեան սրահին մէջ, ի պատիւ վեհափառ հօր, արտասանուեցան ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքեր, որոնցմէ ետք Ան փոխանցեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրը անդրադարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմածաւալ գործունէութեան, «Պուլղուրճեան» կեդրոնի բարերարներուն կատարած օրինակելի բարերարութեան: Շեշտեց նաեւ կեդրոնի ազգօգուտ սպասարկութիւնները, որոնք կը կատարուին տարիներէ ի վեր ի նպաստ հայ ժողովուրդին: Իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ հայութեան կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գոյատեւումը իր անդամներով եւ մասնաճիւղերով, ու բարի երթ մաղթեց կազմակերպութեան:

