Թունջել Սպառնացած Է Ազատ Չարձակուելու Պարագային Նոր Բացայայտումներ Կատարել
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ Էրհան Թունջել ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան պետ Էնկին Տինչին «սպառնալիքներով լեցուն» նամակ մը ուղարկած է:
Թունջել իր հին ցուցմունքներուն մէջ պնդած էր, որ սպանութեան պատասխանատուն Տրապիզոնի ոստիկանութեան պետ Ռամազան Աքեիւրեքի գլխաւորած յանցագործ խումբն է:
Նամակին մէջ ան նշած է, որ եթէ դատական յաջորդ նիստին ընթացքին զինք ազատ չարձակեն եւ բարոյական ու նիւթական փոխհատուցում չտրամադրեն, ինք պիտի տեղեկացնէ, որ սպանութիւնը իրականացուած է «Էրկենեքոն» խմբաւորումէն բարձր կառոյցի մը կողմէ:
«Պարոն Էնկին Տինչ» բառերով սկսող նամակը աւարտած է «Մեծ եղբայր Էրհան Թունջել» ստորագրութեամբ:
Թունջել նամակին մէջ գրած է. «Գոնէ մէկ անգամ կատարէ մեծ եղբօր ընելիքը, եւ ես, ինչպէս միշտ, պիտի ընեմ կրտսեր եղբօր ընելիքը: Հակառակ պարագային, բոլոր հարցաքննութիւններուն ժամանակ պիտի նշեմ, որ Տինքի սպանութիւնը ծրագրաւորած է «Էրկենեքոնէն» բարձր խմբաւորումը»:
«Թարաֆ»-ի յօդուածագիր Էմրէ Ուսշու կը նշէ, որ Էրհան Թունջել Էնկին Տինչին գրած նամակին մէջ շարք մը հարցերու վրայ լոյս կը սփռէ: Թունջել նամակին մէջ բացայայտօրէն կը սպառնայ պաշտօնատարին եւ կը նշէ, որ ան եղած է զինք օգտագործողներէն մէկը:
Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին:

