Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցելու «Ճամբու Քարտէս»-ը Հաստատուեցաւ

5026_bԻր լուրը քաղելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն` «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` ամփոփելով Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի 24 դեկտեմբերի նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածութեան Հայաստանի միանալու «Ճամբու քարտէսը»:

3 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց Մաքսային միութեան միանալու վերաբերեալ Հայաստանի որոշումին եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ կատարելիք քայլերը ձեռնարկելու մասին, իսկ հետագային` Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման մասնակցելու վերաբերեալ: Երկրին նախագահը հետագային Հայաստանի անդամակցութիւնը արագացուած ընթացակարգով իրականացնելու առաջարկ կատարեց Մաքսային միութեան անդամներուն, որ ընդունուեցաւ եւ աշխատանքային խումբերու միջոցով պատրաստուեցաւ «Ճամբու քարտէս»-ը:

Share this Article
CATEGORIES