Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամուսնացած ըլլաք կամ ընկեր ունենաք, եթէ երկուքիդ միջեւ երկխօսութիւնը լռած է կամ իրարմէ նեղացած էք, դրական կեցուածք որդեգրեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անտրամադիր էք, քիչ մը յուսալքուած, բայց կամաց-կամաց պիտի կարենաք վերագտնել ձեր ինքնութիւնը եւ վերականգնիլ նոր յոյսով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր սէր մը պիտի ծագի ձեր սրտին մէջ, եւ ամէն ինչ հրաշալի պիտի թուի ձեզի: Սէրը կը բարելաւէ եւ կը պայծառացնէ ձեր կեանքը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մէկ կողմ դրէք այն ամէնը, ինչը որ հիմա հաճելի չի թուիր կամ օգտակար չէք նկատեր: Հետագային կը մտածէք այդ մասին: Իմաստուն եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ արուեստի խառնուածք ունիք, լաւ ներշնչուած պիտի ըլլաք եւ պիտի կարենաք ստեղծագործել, ըստ ձեր կամքին ու տաղանդին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մօտ օրէն կրնաք յաւելում պահանջել ձեր աշխատավարձին համար: Ձեր իրաւունքն է պաշտպանել ձեզ, որպէսզի կարենաք արդարացնել ձեր ներկայութիւնը հոն, ուր որ էք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր բացառաբար պիտի ունենաք գրաւիչ եւ հմայիչ տպաւորութիւն ձեր շրջապատին մէջ: Օրը պիտի անցնի արդիւնաւէտ` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք իրագործելի ծրագիր մը, բայց ներկայիս ձեզի կը թելադրուի քիչ մը եւս համբերել իրագործելու համար զայն: Համբերութիւնը կեանք է կ՛ըսեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի կարենաք երկարել ձեր ուրախ տրամադրութիւնը, տօնական մթնոլորտ պահպանելու համար: Ուրախ մնացէք միշտ, ամէն պարագայի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յառաջիկայ տարուան համար նոր որոշում պէտք է տաք: Ամէն ինչ պէտք է յստականայ, որպէսզի մտահոգութիւն չունենաք: Իմաստուն եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբաթավերջը յատկացուցէք հանգիստի կամ փոքր պտոյտի մը` հեռու ձեր աշխատանքին տաղտուկէն: Կարեւոր է ունենալ նաեւ ֆիզիքական հանգիստ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հարցեր պիտի քննարկէք միշտ լաւատեսութեամբ: Ձեր այս վերաբերումը պիտի գնահատուի ամէնուն կողմէ: Շարունակեցէք մնալ լաւատես, կը շահիք:

