50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1963)
ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան
Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Ստորեւ ամփոփ մասեր այն ճառերէն, զորս արտասանեցին Հրաչ Տասնապետեանը եւ Անդրանիկ Ուրֆալեանը, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1963-ին Պուրճ Համուտի Գերմանիկ սրահին մէջ Դաշնակցութեան 73-րդ տարեդարձի օրուան շքեղ տօնակատարութեան ընթացքին:
Հրաչ Տասնապետեանի Ճառէն.-
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հոգեբանական եւ գաղափարական տեսակէտէ, ամենահարազատ արտայայտութիւնն է յաւերժական հայութեան հոգեբնախօսական կառոյցին, մարմնաւորելով իր մէջ` եթէ ոչ այդ կառոյցին բազմապիսի բոլոր յատկանիշները, գէթ անոնցմէ ամէնէն հիմնականները` ազատութեան պաշտամունք, հոգեկան արիութիւն, ազգային հպարտութիւն: Զինք յատկանշող ամէնէն շեշտուած գիծերը` գաղափարապաշտութիւն եւ մարտունակութիւն, առաքինութիւններ են, որոնք հայ ժողովուրդինը եղած են անոր փառապանծ պատմութեան արշալոյսէն սկսած:
Եթէ ուզենք յարգանքի արժանի տուրքը տալ Դաշնակցութեան գործունէութեան ամէնէն հիմնական կէտերուն միայն, առանձին անդրադառնալով անոնցմէ իւրաքանչիւրին, մենք պէտք կ՛ունենանք ոչ թէ մէկ օրուան, այլ տարուան 365 օրերուն եւ աւարտած չենք ըլլար տակաւին:
Իր ծնունդէն մինչեւ այսօր Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ, իր իրականացած ու տակաւին չիրականացած իտէալներով, իր գաղափարախօսութեամբ ամէնօրեայ ապրումն է, ամէնօրեայ հպարտանքը, կեանքի իմաստը եթէ կ՛ուզէք` ամէն մէկ իրաւ հայու, հայրենիքէն դուրս թէ հայրենիքի մէջ:
1963 թուականը կը զուգադիպի 50-րդ տարելիցին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան: Ասով իսկ այս տօնակատարութիւնը առանձին իմաստ կը զգենու:
Որովհետեւ, հիմնադիր թէ ղեկավար ուրիշ շատ մը նահատակներէ առաջ, ու թերեւս միակը` բացարձակ ու ամէնէն հարազատ կերպով Սիմոն Զաւարեան մարմնաւորած է հիմնական այն բոլոր առաքինութիւնները, բարոյական այն բոլոր ըմբռնումները, որոնք իրաւ դաշնակցականին հիմնական յատկանիշները կազմեցին:
Զաւարեան ի՛նքն է, հիմնադիրներուն մէջ, դաշնակցականի առանձին տիպարի՛ն հիմնադիրը:
Մեր կուսակցութեան կազմակերպական ոգիի հանճարեղ նախահայր Քրիստափորի եւ մեր ազգային առողջ տրամաբանութեան եւ հաւասարակշիռ խառնուածքի ստեղծիչ` Ռոստոմի հետ, Սիմոն Զաւարեան կազմեց հայ յեղափոխական շարժման ամենասուրբ երրորդութիւնը:
Բազմաբեղուն գործունէութիւն մը ունեցաւ Զաւարեան, «մաքրագոյնը մաքուրներուն», ինչպէս իրաւամբ իր մասին կ՛ըսէ Վարանդեան եւ «աշխարհիկ սուրբը», որ կոչուեցաւ ի՛ր իսկ կուսակցական ընկերներուն եւ գործակիցներուն կողմէ:
Զանգուածներուն բարոյական դիմագիծը դարբնող գերմարդը` Զաւարեան` մնաց միշտ համեստ, միշտ խոնարհ, միշտ գերազանցապէս նուիրուած գործին ու իր ընկերներուն:
Ապրեցաւ միայն ուրիշ մարդերու համար, հա՛յ մարդուն համար, բանաստեղծին երգած «ուրախութեամբը անանձնական»:
Զաւարեան մարդը սակայն, իր մահէն ետք վերապրեցաւ ու կը վերապրի դաշնակցական բոլոր մարդոց, բոլոր իրա՛ւ հայ մարդոց հոգիներուն եւ մտքին ամենախոր, ամենամտերիմ, ամենահարազատ ծալքերուն մէջ:
Անդրանիկ Ուրֆալեանի Ճառէն
Դաշնակցութեան ծնունդին հետ, այսօր տարեդարձն է նաեւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ու գործելակերպին:
Հայ պատմութիւնը չի կրնար ուրանալ այս հսկան: Մեծ ու փոքր, սուտ ու կեղծ բոլոր բերանները, գրիչները, թող փորձեն նետել զայն մեր պատմութեան ոսկեզօծ էջերէն դուրս, վարչակարգերու սարսափէն հալածական, վարչակարգերու գարշապարը լափլիզող: Ան կա՛յ ու կը մնայ:
Մոգական դաժան գաւազանով մը, եթէ այսօր անհետացնենք Դաշնակցութիւնն ու իր գաղափարաբանութիւնը սփիւռքէն ու հայրենիքէն, հայութեան յաւիտենական բաղձանքներուն եւ իտէալներուն անհաղորդ տարրերու ձիարձակարանի պիտի վերածուէր հայ կեանքը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ եւ ընկերներ, Դաշնակցութիւնը վարժ չէ դաւաճանելու այն հայրենիքին ու ժողովուրդին, որոնց ծառայութեան կոչուած է իր անմահանուն հիմնադիրներուն Քրիստափորի, Զաւարեանի ու Ռոստոմի կողմէ:
Դաշնակցութիւնը իր հիմնական պահանջներէն ոչինչ կը զիջի եւ կը մնայ այսօր ալ, աւելի կազմակերպ, աւելի կենսունակ` ի խնդիր հայկական դատին, ի պաշտպանութիւն միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարին:
Մեր ժողովուրդը ծով բազմութեամբ կը քաջալերէ մեզ: Հայրենիքի մէջ դաշնակցական գաղափարաբանութիւնն ու մտայնութիւնը անհամեմատ աստիճաններու հասած է:
Հասած է այնպիսի մէկ մակարդակի, որ եթէ այսօր Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը դաւաճանեն իրենց կոչումին, Հայաստանի ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը պիտի փութան արտասահման` տէր կանգնելու համար Դաշնակցութեան դրօշակին ու նշանաբանին:
Մեր կազմակերպութիւնը ամէնէն աւելի սիրելի է հայրենիքի իրաւ հայութեան, բանուոր, գիւղացի թէ մտաւորականութիւն, որուն թիւն ու որակը երբեք զանցառելի չէ:
Դաշնակցութեան օրը կը տօնենք, յիշեցնելու համար ամէն հայու, որ կիսաւարտ մնացած է գործ մը, իտէալ մը, որ կը պահանջէ ամբողջացում:
Մեր նահատակներու իտէալին հետեւող դաշնակցական երիտասարդութիւնը եւ մեր համակիր զանգուածը պիտի գիտնան յարգել զոհողութեան անսահմանութիւնը մեր հերոսներուն, ֆետայիներուն, մտաւորականներուն եւ հիմնադիրներուն: Այն ատեն` իմաստ կ՛ունենայ նաեւ այս տօնակատարութիւնը:
Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդին տալու համար իր իրաւունքները: Դաշնակցութեան բոլոր սերունդները արեան ուխտ ունին կատարած:
Մենք կ՛ապրինք հայ ժողովուրդին հետ իր սրտին ու հոգիին մէջ:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ անոր հաւատարիմ սպասարկուն` Դաշնակցութիւնը:

