Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Թեմարի Գնդակներու Զարմանահրաշ Հաւաքածոն

Պատրաստեց՝ Լ. ՍՐԱՊԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԿՐԿՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌՈՒ` ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ 88 ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ՄԱՅՐ ՄԸ Կ՛ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾԷ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՎ ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԳՆԴԱԿՆԵՐ: ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ԱՅՍ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ «ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԻՆ ՎՐԱՅ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱԿԻՐՃ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ «ՈՒԻՔԻՓԻՏԻԱ» ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԷՆ ՆՈՅՆՔԱՆ ԿԱՐՃ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿՑԵԼՈՎ` ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՏԱԼ ԱՒԵԼԻ ԵԶԱԿԻ ԵՐԱՆԳ ՄԸ:

985temari1

 

985temari2

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

985temari3

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

985temari4Աներեւակայելի բծախնդրութեամբ ձեռքով ասեղնագործուած թեմարի գնդակները ծնունդ առած են Չինաստանի մէջ` իբրեւ ժողովրդային արուեստի կամ արհեստի ձեւ մը: Անոնք Ճափոն հասած են 7-րդ դարուն, ուր դարձած են վերնախաւի յատուկ արուեստ. ազնուական խաւի կիներ կը մրցէին` ստեղծելու համար ամէնէն գեղեցիկ եւ մանուածապատ գնդակները:

Թեմարի գնդակները յաճախ կը հիւսուէին մաշած քիմոնոներու թելերով եւ իբրեւ յատուկ նուէր կը տրուէին մանուկներուն` Նոր տարուան օրը: Երբեմն մայրեր գնդակները հիւսելու ժամանակ անոնց մէջ կը պահէին իրենց զաւկին ուղղուած թաքուն մաղթանք մը, գրուած` թուղթի վրայ, որ երբեք չէր բացայայտուեր, կամ` ձայն հանող բան մը, ինչպէս` բրինձի հատիկներ կամ զանգակ:

Նանա Աքուա նկարած է իր 88 տարեկան մեծ մօր ստեղծած երկրաչափական բոլորակներու հրաշալի հաւաքածոն եւ նկարները տեղադրած է Ֆլիքըրի վրայ (քովի սիւնակներով կը ներկայացնենք քանի մը օրինակ): Աքուայի մեծ մայրը այս արուեստին տիրապետած է 60-ական տարիքին: Այնուհետեւ ստեղծած է հարիւրաւոր գնդակներ, որոնց շուրջ 500-ը կարելի է տեսնել` այցելելով հետեւեալ կայքէջը. http://www.flickr.com/photos/nanaakua/tags/temari/

Թեմարիները թանկարժէք եւ փայփայուած նուէրներ էին: Անոնք կը խորհրդանշէին բարեկամութիւն եւ հաւատարմութիւն: Անոնց վառ գոյները եւ մետաքսէ թելերը կը խորհրդանշէին գունագեղ եւ ուրախ կեանքի մը մաղթանքը` զանոնք ստացողին:

Աւանդաբար Ճափոնի մէջ արհեստաւոր դառնալ կը նշանակէր կտրել տաժանակիր փորձերով լեցուն ճանապարհ: Այսօր Ճափոնի մէջ թեմարի գնդակներ հիւսող արուեստագէտները պարտաւոր են հետեւիլ յատուկ դասընթացքներու եւ վարժութիւններու: Անոնք պէտք է անցընեն յատուկ քննութիւն մը, որ կը չափէ իրենց կարողութիւնն ու հմտութիւնը, որպէսզի ճանաչում ստանան իբրեւ թեմարի հիւսող արհեստաւոր:

Թեմարի ճափոներէնով կը նշանակէ ձեռնագնդակ: Անոնք նաեւ կը գործածուէին խաղի մէջ: Կ՛ըսուի, թէ աւանդական թեմարիները այնքա՛ն ամուր կը հիւսուէին, որ կը ցատկռտէին գետնին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES