Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Ս. Ծննդեան Խնդրայարոյց Բացիկը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՊԱՆՔՍԻԻ «Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՑԻԿԸ» ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ՏԱՐՈՒԷ ՏԱՐԻ:
Քաղաքական իմաստներ պարունակող Ս. Ծննդեան գեղանկար մը, որ ծանօթ է իբրեւ «Պանքսիի Ս. Ծննդեան բացիկը», այս օրերուն դարձեալ կը ճամբորդէ կայքէջէ կայքէջ:
Կ՛ենթադրուի, թէ անիկա գործն է բրիտանացի խնդրայարոյց արուեստագէտ Պանքսիի:

«Պանքսիի Ս. Ծննդեան բացիկը»:
Գեղանկարը յայտնապէս կը պատկերէ Նոր կտակարանէն Մարիամն ու Յովսէփը, որոնց Բեթղեհէմ մուտքը կ՛արգելակուի` Պաղեստինեան Գրաւեալ հողերու երկայնքին Իսրայէլի բարձրացուցած պատին պատճառով:

Բեթղեհէմի պատը: Իսրայէլը Պաղեստինեան Գրաւեալ հողերէն բաժնող պատը` 21 ապրիլ 2013-ի մարաթոնին օրը:
«Ս. Ծննդեան բացիկը» շրջանառութեան մէջ է առնուազն 2005-էն ի վեր: «Այրիշ ինտիփենտընթ» թերթին համաձայն, բրիտանացի փոփ աստղ Ռոպի Ուիլիըմզ համանուն գեղանկարը գնած է նոյն տարին` զայն տեսնելէ ետք ցուցասրահի մը մէջ: Սակայն յայտնապէս անիկա իւրաքանչիւր տարուան դեկտեմբերին վերայայտնուելու եւ սրընթաց տարածուելու յատկութիւն մը ունի:
Այս տարին բացառութիւն մը չէր:
Օրինակ, համացանցի վրայ լուսանկարներու փոխանակումի Էմկըր կայքին մէջ գեղանկարը դիտուած է 180 հազար անգամ` 18 դեկտեմբերին իր հրապարակումի վայրկեանէն մինչեւ 9 ժամ ետք:
Էմկըր կայքը գործածող մը կը գրէ. «Կը սիրեմ Պանքսիի գործը: Անոր կարգ մը գործերուն պատգամին զօրութիւնը ուժգին կերպով կը գրգռէ ուղեղը»:
Պանքսի բազմաթիւ առիթներով իր արուեստի գործերուն մէջ արտայայտած է իր հայեցակէտը` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին առնչութեամբ: Օրինակ, խորհրդաւոր ինքնութեամբ այս արուեստագէտը 2005-ին այցելած է Պաղեստին, ուր 9 պատկերներ գծած է Գրաւեալ հողերու պատին վրայ:
Ան 2007-ին այցելած է Բեթղեհէմ` յաւելեալ պատկերներ գծելու համար պատին վրայ: Անոնց շարքին է պատկերը աղաւնիի մը, որ կը կրէ փամփշտարգել թիկնոց մը:

