Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Ֆինլանտացի Կաղանդ Պապան Ամբողջ Տարին Կ՛ուզէ Աշխարհը Շրջիլ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻԲՐԵՒ ՎԱՃԱՌԱՆԻՇ` ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՈՒՆԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. ԱՆ ԱՐԺԷՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՄԻԱՅՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՇԱԲԱԹ` ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ: ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԼՈՒԾԵԼ ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ, ԵՒ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՆ: ՄԻՆՉ «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՄՏԱԾՈՒԻ ՈՐՈՇԵԼ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ ԳԻՆԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ՎԱՃԱՌԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՍԻՈՅ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ, ԹԵՐԵՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՀԻՒՍԵԼՈՒ ԵՂԵՐԵՐԳ ՄԸ.
ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ԾԱԽԵՐ ԵՆ,
ԳԻՆԸ ՊԱԿՍԵՑՈՒՑԵՐ ԵՆ,
ԴՐԱՄՆԵՐԸ ՇԱՀԵՐ ԵՆ,
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԱՊՇԵՐ ԵՆ:

Ճափոնցի մանուկներու հետ:
Փեթրի Փաարնիօ` տնօրէնը Սանթա Քլաուս Լիքընքինկ հաստատութեան, որուն կը պատկանի Ֆինլանտայի մէջ Կաղանդ պապային անունը շուկայ իջեցնելու իրաւունքը, այժմ կը փափաքի, որ ան ո՛չ միայն ուրախացնէ մանուկներուն սրտերը, այլ նաեւ առեւտուր ստեղծէ ամբողջ տարուան ընթացքին եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, սկսեալ` Չինաստանէն:
«Կաղանդ պապան կուռք մըն է: Ան կը խորհրդանշէ առողջութիւն, միասնականութիւն եւ առանց փոխադարձ ակնկալութեան նուիրում», կ՛ըսէ ան:
Սանթա Քլաուս Լիքընքինկ եւ Ֆինլանտայի զբօսաշրջութեան իշխանութիւնները կը հաւատան, թէ կուռքի վերածուած այս վաճառանիշը կրնայ ծնունդ տալ բազմամիլիոն եւրօ արժողութեամբ ճարտարարուեստի մը, որուն մաս պիտի կազմեն համակարգչային խաղեր, միջազգային ձեռնարկներ, Կաղանդ պապայի թեմայով խաղավայրեր եւ տարբեր արտադրութիւններ:
Իրօք, ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը փութան դէպի Հիւսիսային բեւեռի Ռովանիեմի քաղաքը, Ֆինլանտայի հիւսիսային ծայրագոյն Լափլենտ շրջանին մայրաքաղաքը` ապրելու համար «իրական» Կաղանդ պապան տեսնելու փորձառութիւնը:
Սակայն ցանցառ բնակչութեամբ այս տարածքը, որ իր սեփական ծնունդը կը նկատէ Հիւսիսային բեւեռի ամէնէն հռչակաւոր անձնաւորութիւնը, բաւականացած չէ միայն տօնական օրերու առիթով բանալով իր պանդոկները, ժամանցի վայրերը, վաճառատուներն ու ճաշարանները:

Կաղանդ պապան` դէպի Ասիոյ շուկաները:
«Կաղանդ պապան Ֆինլանտայի ամէնէն աւելի ծանօթ վաճառանիշն է, սակայն մենք առաւելագոյն չափով չենք օգտագործած անոր պատկանելիութիւնը` իբրեւ ֆինլանտացի», կ՛ըսէ Փաարնիօ:
«Թերեւս որովհետեւ Ս. Ծննդեան տօնը պարզապէս կարճատեւ է»:
Թէեւ Ֆինլանտա տնտեսական նահանջ կ՛ապրի, եւ պետութիւնը որդեգրած է պիւտճէական խնայողական ծրագիր, սակայն Ֆինլանտայի խորհրդարանը այս ամիս կանաչ լոյս տուաւ 300 հազար եւրոյի (շուրջ 410 հազար տոլար) յատկացումի մը` ֆինլանտացի Կաղանդ պապան ծանուցելու համար Չինաստանի մէջ:
«Եւրոպայի մէջ Ս. Ծննդեան տօնը աւանդաբար կարճատեւ է: Սակայն Ասիոյ տարածքին կարելի է զայն ծանուցել իբրեւ բոլորովին անջատ տիպար մը», կ՛ըսէ Փաարնիօ:
Կաղանդ պապային վաճառքը դիւրացած է` շնորհիւ Հելսինքիի եւ Ասիոյ միջեւ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով թռիչքներու, զորս հաստատած է երկրին Ֆիննէյր օդանաւային ընկերութիւնը: Միշտ ալ մեծ թիւով այցելուներ ունեցած ենք Ճափոնէն: Սակայն Չինաստան, Հոնկ Քոնկ, Հարաւային Քորէա եւ Սինկափուր եւս հետզհետէ յատկանշական ներկայութիւն կը դառնան իրենց զբօսաշրջիկներով: Իսկ ռուսերը կը լեցնեն պանդոկները դեկտեմբեր 25-էն ետք, մինչեւ յունուարի սկիզբ:
Այժմ արդէն այցելութիւնները միակողմանի չեն:
Վերջին երկու տարիներուն Հիւսիսային բեւեռի սպիտակ մօրուքով բնակիչը ճամբորդութիւն մը կատարած է Ռովանիեմիէն Ֆուքուշիմա` բարձրացնելու համար 2011-ի աղէտալի ծովաշարժի ենթարկուած ճափոնցի մանուկներուն տրամադրութիւնը:
Ի տարբերութիւն կարճ եւ գիրուկ ամերիկեան Կաղանդ պապային` ֆինլանտական տարբերակը սեւ մոյկեր եւ սեւ գօտի չի կրեր, այլ` Լափլենտի մէջ շինուած բաց սրճագոյն մոյկեր:
Անոր հանդերձանքը եւս տարբեր է: Մինչ ամերիկացի Կաղանդ պապան կը հագնի կարմիր բաճկոն եւ տաբատ, ֆինլանտացի Կաղանդ պապան կը կրէ երկար կարմիր վերարկու մը, իսկ անոր սպիտակ մօրուքը շատ աւելի երկար է:
«Անոր մօրուքին երկայնքը ենթակայ է խիստ օրէնքի: Մեր Կաղանդ պապան շատ աւելի առողջ է եւ շատ աւելի նիհար: Աւելի՛ն. ան «Հօ, հօ, հօ» չ՛ըսեր` ամերիկացի իր գործընկերոջ պէս», կ՛աւելցնէ Փաարնիօ:
Այսուհանդերձ, մարտահրաւէրը յաճախորդները համոզելն է, թէ ֆինլանտացի Կաղանդ պապան է բուն Կաղանդ պապան:
Սակայն Կաղանդ պապային արժէքը դրամով չափելը ոմանց մտածել կու տայ, որ թերեւս չափը կ՛անցնի:
Նոյնիսկ Կաղանդ պապային վաճառքին եկամուտով ապրող անձեր այսպէս կը մտածեն:
«Կաղանդ պապայի գաղափարը պետութեան քով սեփականութեան իրաւունքի օրէնքով պաշտպանուած չէ, հետեւաբար անոր շուկայի արժէքը հաւասար է զերոյի», կ՛ըսէ տնտեսական ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծումներու ԷԹԼԱ հաստատութեան տնօրէն Միքա Մալիրանթա:
Իսկ Կաղանդ պապան վաճառելու գինը որոշելը կրնայ վիրաւորական թուիլ Ֆինլանտայի նման երկրի մը բնակիչներուն, որոնք տօնական օրերուն նկատմամբ կը ցուցաբերեն շատ լուրջ մօտեցում:
«Նման սահմանում մը կրնայ հակասել Կաղանդ պապային մարմնաւորած արժէքներուն», կ՛ըսէ Ֆինլանտայի սակարանային շուկային մէջ աշխատող վերլուծաբան մը:
«Իսկ Կաղանդի տօնական օրերը ինքնին բաւական առեւտրականացած են»:
Երգիծանկարիչը Ճիշդ Կ՛ըսէ…
Ո՞վ ես դուն, եւ յանուն Աստուծոյ, ո՞վ կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզենք լուսանկար մը ունենալ քեզի հետ:
Ա՛յս է ուզած հեծիկս: Եթէ պարզապէս տաս քրետիթ քարտիդ մանրամասնութիւնները, մենք կրնանք անմիջապէս լուծել այս հարցը:



