«Ամէն Ուզող Չի Կրնար Հայ Ըլլալ»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Վերջին օրերուն թուրք մամուլին մէջ բաւական երկար խօսուեցաւ այն ընտանիքին մասին, որ հայկական իր արմատին վերադառնալով` անդամագրուած էր Հայ եկեղեցիին եւ իր զաւակը ուզած էր արձանագրել «Գարակէօզեան» վարժարան, բայց Պոլսոյ կուսակալութիւնը արգելք հանդիսացած էր արձանագրութեան եւ յիշեցուցած էր, որ հայերուն համար կը գործածուի 2 թիւը, որ ցեղային գաղտնաթիւ մըն է: Բայց դատարանը չէր ընդունած կուսակալութեան արգելքը ու արտօնած էր, որ զաւակը արձանագրուի հայոց վարժարան:
«Ռատիքալ» այսօր այս մասին հրատարակութիւն մը ունի «Ամէն ուզող չի կրնար հայ ըլլալ» խորագրին ներքեւ: Թերթը ձեռք բերած է դատավարութեան ընթացքին կուսակալութեան պաշտպանութեան պատճէնը, որուն մէջ կուսակալութիւնը պնդած է, որ պատրիարքարանին կողմէ տրուած փաստաթուղթը բաւարար չէ, որպէսզի այդ ընտանիքը հայ նկատուի, ցեղն ու ազգութիւնը ենթակայ են տարբեր չափանիշներու, այս ընտանիքը այդ չափանիշներուն համաձայն չի կրնար հայ նկատուիլ, 1923-էն ի վեր կը գործադրուի ցեղային պատկանելիութեան գաղտնաթիւերու դրութիւնը, որ հայերու պարագային 2 է:
Կուսակալութիւնը այս կերպով պնդած է, որ ամէն ուզող չի կրնար հայ ըլլալ:
Բայց դատարանը անընդունելի նկատեց կուսակալութեան այս պնդումը եւ ընտանիքին արտօնեց, որ ան իր զաւակը արձանագրէ «Գարակէօզեան» վարժարան:

