Իրաւագէտ Սեննուր Պայպուղա Կը Հարցնէ. «Ցեղասպանութենէ Տուժածներուն Ի՞նչ Պիտի Ընենք, Երբ Կը Մօտենայ 2015-ը»
Թէ-24 լրատու կայքէջին վրայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ իրաւագէտ Սեննուր Պայպուղայի ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութիւն մը, որուն մէջ հարց կը տրուի, թէ Ցեղասպանութենէն տուժածներուն համար ի՞նչ պիտի ընենք, երբ կը մօտենայ 2015 թուականը: Յօդուածագիրը կը գրէ, որ այժմ ամէնուրեք կը խօսուի այլեւս, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք երես առ երեսի գալ մեր անէծքին հետ, եւ թէ` ինչպէ՛ս պիտի քաւենք մեր մեղքերը: Օրէ օր կը բարձրանայ թիւը անոնց, որոնք կը խօսին այս մասին: Մեկնելով այն օրերէն, երբ արգիլուած էր Ցեղասպանութեան ցեղասպանութիւն ըսել, դանդաղ ալ ըլլայ, կ՛ընթանանք դէպի այն օրերը, երբ պետութեան լեզուին վրայէն իսկ պիտի սրբուի Հայկական հարցի մէջ գործածուած «սէօզտէ» (այսպէս կոչուած, իբր թէ…) բառը: Թէեւ հաւաքականութեան մէջ, մանաւանդ քաղաքագէտներու լեզուին վրայ տակաւին կան ետդարձ ընողներ, երբեմն հոսկէ հոնկէ կը յայտնուին քաղաքագէտներ, որոնք հայերուն ու յոյներուն անունը տալու ընթացքին ներողութիւն կը խնդրեն, բայց հաւաքականութեան մէջ տակաւ կ՛արթննայ որոշ գիտակցութիւն մը:
Նմանօրինակ շատ լուրջ քայլեր առնուեցան այս շաբաթ նոր հիմնուած կուսակցութեան մը կողմէ: Այս կուսակցութիւնը, որ կը կոչուի «Կանանչներ ու ձախին ապագան», եւ որ հիմնուեցաւ անցեալ տարի, արդէն իր ծրագրին մէջ քաջութեամբ ճշդած էր, թէ հայերու դէմ գործուած սպանդը ցեղասպանութիւն մըն էր: Կուսակցութիւնը այս շաբաթ իրականացուց իր առաջին հերթական համագումարը եւ ընդունեց 2015 թուականի համար ընտրուած շատ քաջարի եւ լուրջ որոշումներ, որոնք խօսակցութեանց նիւթ պիտի դառնան վստահաբար:
Համագումարի ընթացքին կուսակցութեան բոլոր անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած որոշումին մէջ դիտել կը տրուի, որ քաղաքական կուսակցութեան մը պարտականութիւնը միայն հիւանդութեան մը ախտաճանաչումը չէ, այլ նաեւ այդ հիւանդութեան դարմանումը առաջարկել է: Այս տեսակէտով, մասնաւորաբար 2015 թուականի հարիւրամեակին առիթով, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնն ալ ներառեալ, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է մաղթանքներ յայտնելէ աւելին ընեն իրենց երկրէն արտաքսուած եւ այս տարածքներուն մէջ տուժած հայերուն ցաւերը ամոքելու համար: Այլեւս խղճմտանք ունեցող ոեւէ մէկը չի կրնար ժխտել, թէ հայերու դէմ գործուած սպանդը ցեղասպանութիւն մըն էր: Այս կուսակցութենէն դուրս բազմաթիւ քաղաքական շրջանակներ արդէն այս պատահարին անունը ճշդած են: Այս տեսակէտով, այս կուսակցութիւնն ալ կը հաւատայ, որ պէտք է վերանորոգուի հաւաքական յիշողութիւնը, եւ այս երկրին մէջ մարդիկ պէտք է հարցնեն, թէ` «իմ նախնիներս ի՞նչ կ՛ընէին 1915-ին»: Այս կէտէն մեկնելով` պէտք է ժառանգորդ ունեցողներուն կալուածները իրենց տէրերուն վերադարձուին, դիմագրաւուին հատուցման պահանջները, բացուին պետական արխիւները, թափանցիկ դառնան կալուածային արձանագրութիւնները, բացուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը: Այս երկրէն հեռանալու պարտաւորութեան տակ դրուած հայերու զաւակներուն զոյգ քաղաքացիութեան իրաւունք տրուի, ապահովուի մայրենի լեզուով ուսուցումը, վերադառնալ ուզող հայերուն արտօնութիւն տրուի, այս երկրին մէջ որպէս փախստական աշխատող հայերուն աշխատելու եւ ուսանելու իրաւունքը ճանչցուի:
Բացի ասկէ, պայման է, որ բոլոր դասագիրքերուն մէջէն վերցուին ցեղապաշտ արտայայտութիւնները, կրթական նախարարութեան կրթական ծրագիրը ծայրէ ի ծայր վերատեսութեան ենթարկուի եւ անիկա մաքրագործուի նմանօրինակ ցեղապաշտ մերձեցումներէ:
Կուսակցութեան ծրագրին մէջ կը նշուի, որ այս երկրին մէջ ձախակողմեան քաղաքականութիւնը այլեւս կանգնած է զուլումի եւ անիրաւութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին կողքին: «Երկրին մէջ խաղաղութիւն, աշխարհի վրայ խաղաղութիւն» նախադասութիւնը, որ տարիներէ ի վեր կը պարտադրուի բոլոր դպրոցներուն մէջ, պէտք է ճամբայ բանայ, որպէսզի խաղաղութիւն ցանկացողները դէմ դիմաց նստին եւ մտիկ ընեն իրարու խնդիրները, ապա միասնաբար փնտռեն անոնց լուծումները:
Յօդուածագիրը վերոյիշեալ կուսակցութեան այս ծրագիրը նշելէ ետք կ՛եզրակացնէ, որ անկախաբար այն հարցէն, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ վերի որոշումներէն որքա՞նը կարելի կ՛ըլլայ իրագործել, շատ կարեւոր է, որ քաղաքական կուսակցութիւն մը իր ծրագրին մէջ տեղ կու տայ այսքան կարեւոր ու կենսական խնդրի մը: Ասիկա այս տարածքին մէջ եղբայրաբար ապրիլ ուզող բոլոր ժողովուրդներուն համար յուսադրիչ երեւոյթ է: Չմոռնանք, որ վէրքերը կը բուժուին այն ատեն միայն, երբ կը խօսին ոչ թէ անոնք, որոնք վիրաւորուած են, այլ անոնք, որոնք վիրաւորած են:

