Ամերիկեւիրանեան Բանակցութիւնները Ինչպէ՞ս Կրնան Լեռնային Ղարաբաղին Ազդել

iran-usa.2712Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» քաղաքական վերլուծողական կայքէջը վերջերս յօդուած մը հրապարակեց ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուող:

Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ազդեցութիւնը կը տարածուի Իրանի շրջապատին մէջ, եւ ռազմավարական մթնոլորտի փոփոխութիւնը շարք մը երկիրներու միջեւ նուազ կարեւոր հարցերու շուրջ դիւանագիտական աշխուժութիւն ստեղծած է: Օրինակի համար, 19 նոյեմբերին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր հայ գործընկեր Սերժ Սարգսեանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, որոնք յունուար 2012-ին ռուսական միջնորդութեամբ քննարկումներէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ հակամարտութեան լուծման համար առաջին ջանքերն էին: Թէեւ Սարգսեան ըսաւ, որ բանակցութիւնները բնական ընթացած են եւ պիտի շարունակուին, սակայն այս հարցը երկու երկիրներուն համար ալ դժուար լուծելի մնացած է եւ զայն լուծելու նախկին բազմաթիւ փորձեր ձախողութեան մատնուած են: Բայց եւ այնպէս, իրանեւամերիկեան մերձեցումը կրնայ խանգարել Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ հարցերու շուրջ տիրող սթաթիւ քոն:

Շրջանային Շահեր Եւ Փոփոխութեան
Ենթարկուող Շարժաբանութիւն

Իրանեւամերիկեան փոխհասկացողութիւն մը մասնաւորաբար նշանակալից պիտի ըլլայ Իրանի հիւսիսային սահմանի երկայնքին գտնուող փոքր, սակայն ռազմավարական գետնի վրայ կարեւոր կովկասեան պետութեանց համար: Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շուրջ երկու տասնամեակներէ ի վեր սառեցուած է, սակայն թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ազրպէյճան առնչուած են յարաբերութեանց ցանցի մը, որ արդէն իսկ ազդուած է իրանեւամերիկեան բանակցութիւններէն: Օրինակի համար, Հայաստանի ռազմավարական գործընկեր Ռուսիան խորապէս մտահոգ է, որ իրանեւամերիկեան համաձայնութիւն մը երկու երկիրներուն ալ Կովկասի մէջ աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի շնորհէ: Մոսկուա անցեալ տարուան ընթացքին իր դիրքերը ամրապնդեց եւ մտահոգ է, որ իր ազդեցութիւնը կրնայ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Թեհրանի կողմէ ականահարուիլ, եթէ անոնք դադրին մրցակիցներ ըլլալէ:

Ազրպէյճան իր կարգին ջանացած է Ռուսիոյ հետ Հայաստանի գործակցութիւնը հակակշռել տարածաշրջանին մէջ իր յարաբերութիւնները տարատեսակ դարձնելով, որպէսզի որոշ ուժի մը ենթակայ չդառնայ: Օրինակի համար, Ազրպէյճան դէպի Թուրքիա եւ Արեւմուտք, ինչպէս նաեւ դէպի Ռուսիա եւ Իրան ուժանիւթ կ՛արտածէ: Պաքու նաեւ իր ապահովական կապերը կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ` իբրեւ հակակշիռ իր հիւսիսը եւ հարաւը գտնուող աւելի մեծ դրացիներուն: Սակայն կը շարունակէ իր սեփական ռազմական ուժը աճեցնել` օր մը Լեռնային Ղարաբաղին բռնի ուժով վերատիրանալու յոյսով:

LGB-CԱզրպէյճանի յարաբերութիւններն ու դաշինքները եւս կ՛ազդուին Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մեղմացումէն: Կը հաղորդուի, որ Ալիեւի եւ Սարգսեանի միջեւ 19 նոյեմբերի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ դրդումով տեղի ունեցած է: Վերջինս Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութեանց մէջ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը կ՛ուզէ` փոխան Թեհրանի հետ համաձայնութեան մը աջակցելուն: Ի վերջոյ, Թուրքիա կը յուսայ Կովկասի մէջ ռազմավարական ձեռքբերումներ արձանագրել, մասնաւորաբար` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելով: Սակայն, իբրեւ Ազրպէյճանի դաշնակիցը, Թուրքիա կ՛ուզէ առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ յառաջընթաց տեսնել` խուսափելու համար Պաքուի կողմէ հակազդեցութենէ մը, ինչպիսին տեղի ունեցաւ 2009-ին Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել փորձելէն ետք: Այդ ջանքերը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զուգահեռ բանակցութիւններ չէին պարունակեր, ձախողեցան Հայաստանի հետ համաձայնութիւն յառաջացնելու եւ ժամանակաւոր կերպով վնասեցին Ազրպէյճանի հետ Թուրքիոյ կապերուն` ի շահ Ռուսիոյ:

Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնել, եւ անշուշտ Ազրպէյճան հետաքրքրուած է այս ուղղութեամբ յառաջընթաց տեսնելով, մինչեւ այն ատեն որ Լեռնային Ղարաբաղի վերատիրացում արտօնող համաձայնութեան մը կարելիութիւնը գոյութիւն ունի: Սակայն, թէեւ բանակցութիւնները բոլոր այս հարցերուն շուրջ կ՛ընթանան, յստակ չէ, թէ անոնք լուծումի մը պիտի առաջնորդե՞ն: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հիմնուած է շարք մը դերակատարներու խոր շահերու վրայ:

Բայց եւ այնպէս, թէեւ Մոսկուա եւ Երեւան ներկայ իրավիճակը պահելով հետաքրքրուած են, սակայն Ուաշինկթըն, Անգարա եւ Պաքու այդ հետաքրքրութիւնը չունին եւ առիթ կը փնտռեն բանակցութիւնները շարժման մղելու: Իրանեւամերիկեան բանակցութիւնները այդպիսի առիթ մը ներկայացուցած են, նոյնիսկ եթէ նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Կովկասի տարածքին այլ երկիրներու համար նոր մարտահրաւէրներու շարքի մը պիտի առաջնորդեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES