Թաներ Աքչամի Յօդուածաշարքը «Թարաֆ»-ի Մէջ. «Մուսթաֆա Քեմալն Ու 2015-ը» (Գ.)

ataturk-pointsԹաներ Աքչամ այս շարքին երրորդ յօդուածը նոյնպէս հրատարակեց «Թարաֆ» թերթին մէջ: Պատմաբանը այս անգամ կը յիշեցնէր, որ 15 հոկտեմբեր 1919-ին Մուսթաֆա Քեմալ Ամերիկայի «Ռատիօ փրես» գործակալութեան յայտնած էր, թէ ինք երաշխաւորութիւն կու տար, որ հայերու դէմ թուրքերու կողմէ նոր վայրագութիւն մը պիտի չգործադրուի: Նոյն ամիսներուն Մուսթաֆա Քեմալ տեսակցութիւն մը ունեցած էր ամերիկացի զօրավար Հարպորտի հետ եւ անոր յայտնած էր, որ սպաննուած հայերուն թիւը 800 հազար է: Ան աւելցուցած էր, որ հայերու աքսորն ու սպանդը կատարուած էր փոքրիկ կոմիտէի մը կողմէ, որ կառավարութիւնը ձեռք անցուցած էր այդ շրջանին:

Մուսթաֆա Քեմալ 6 մայիս 1920-ին զօրավար Քեազիմ Քարապեքիրի ղրկուած հեռագրի մը մէջ մասնաւոր կերպով կ՛ընդգծէ, որ պէտք է հեռու մնալ այնպիսի գործողութենէ մը, որ դարձեալ հայերու դէմ սպանդ պիտի նշանակէ:

Մուսթաֆա Քեմալին կողմէ արտասանուած խօսքերու նիւթին մէջ կարեւոր է այն, ինչ որ ան 1 օգոստոս 1926-ին ըսած էր «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութեան մասին խօսելու ընթացքին այս կուսակցութիւնը ներկայացուցած է որպէս «Խմբակ մը, որմէ պէտք է հաշիւ պահանջուի իրենց ապրած հողերէն զանգուածաբար աքսորուած եւ սպաննուած մեր քրիստոնեայ հպատակներուն համար»: Ըստ Մուսթաֆա Քեմալի, այս խմբակը մինչեւ հիմա ուրիշ ոչինչ ըրած է, եթէ ոչ` թալան, աւազակութիւն եւ կաշառակերութիւն, որեւէ գործի մէջ պատուաւոր կերպով չէ աշխատած եւ իր կեանքը չէ շահած ճակտի քրտինքով, ընդհակառա՛կը, միշտ թշնամացած է նմանօրինակ պատուաւոր կեանքի մը դէմ:

Թաներ Աքչամ դիտել կու տայ, որ միջոց մը ոմանք պնդեցին, թէ «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին մէջ հրատարակուած հարցազրոյցը կեղծ ու անվաւեր էր, թէ` Աթաթիւրքի մասին արձանագրութիւններու մէջ չէր գտնուած Էմիլ Հիլտերպրանտ անուն մէկու մը հետ կատարուած հարցազրոյցի մը արձանագրութիւնը, ըսուած էր, որ այդպիսի անձ մը գոյութիւն չէ ունեցած, բայց Թաներ Աքչամ կը մտածէ, որ այդ տեսակցութիւնը կատարուած էր Թուրքիոյ գիտակցութեամբ, եւ թէ` այդ շրջանին նմանօրինակ տեսակցութիւններ կատարուած էին ուրիշ թերթերու հետ ալ. իսկ Հիլտերպրանտի հետ կատարուած հարցազրոյցը միայն «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին մէջ չէ, որ հրատարակուած էր, այլ հրատարակուած էր ուրիշ երեք տարբեր թերթերու մէջ ալ:

Թաներ Աքչամ իր յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ, թէ այդ շրջանին թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին, Ամերիկայի ծերակոյտը տակաւին չէր վաւերացուցած ամերիկացիներու ալ մասնակցութեամբ ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրը, Ամերիկայի մէջ շատ ուժեղ դիմադրութիւն կար Լոզանի դաշնագրին դէմ: Ընդդիմադիրները, իբրեւ պատճառաբանութիւն, ցոյց կու տային հայերու դէմ գործուած սպանդը: Կար ուրիշ հարց մըն ալ: Թուրքիա, հակառակ որ Լոզանի դաշնագրով խոստացած էր վերադարձնել երկիր վերադարձող հայերու թալանուած ինչքերը, երկիր վերադառնալու արտօնութիւն չէր տար ամերիկահայերուն: 1923-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած էին ամերիկահպատակ հայեր ու անոնք արտաքսուած էին: Ասիկա դիւանագիտական տագնապի մը ճամբայ բացած էր, ուստի Թուրքիա ամէն միջոցի կը դիմէր, որպէսզի մաքրէր Թուրքիոյ արատաւորուած վարկը: Թուրքիոյ պատկերը պէտք էր մաքրուէր, որպէսզի Լոզանի դաշնագիրը վաւերացուէր: Կը թուի, թէ Մուսթաֆա Քեմալի նմաններուն ու այլոց կողմէ կատարուած նմանօրինակ յայտարարութիւններուն շնորհիւ Թուրքիոյ պատկերը մաքրագործուեցաւ, ու 1926-ին, երբ երկրորդ անգամ մըն ալ օրակարգի բերուեցաւ, ծերակոյտը վաւերացուց Լոզանի դաշնագիրը: Ամերիկացիները կ՛ուզէին այն պատկերը ստեղծել, թէ հիմա նոր Թուրքիա մը ծնունդ առած էր:

Թաներ Աքչամ դիտել կու տայ, որ պիտի շարունակէ ուրիշ փաստաթուղթեր ալ հրատարակել:

 

Share this Article
CATEGORIES