Հայ Մօր Տարուան Առիթով. Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Հայուհին Տագնապահար Է, Մտահոգ Է, Բայց Անտէր Չէ
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
…Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին:
Արդ, առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան, երա՛շտ է մեր կեանքը: Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան, անգո՛յն է մեր կեանքը: Առանց հայ մօր յանձնառու մասնակցութեան, աղքա՛տ է մեր կեանքը:
Հայ մայրո՛վ հայը հայ մնաց` պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՛վ հայը հայ է` ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՛վ հայը հա՛յ պիտի մնայ` գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Այս տարուան ընթացքին հայ իրականութեան մէջ արձանագրուած մտահոգիչ դէպքերու կարգին ուշագրաւ կը նկատուի Սամաթիոյ հայուհիներուն դէմ կատարուած յարձակումը` Պոլսոյ մէջ: Նոր, բայց հին հակահայ այդ արարքները օրին մեծ աղմուկ բարձրացուցին, դատապարտուեցան, մխիթարանքի, զօրակցութեան ու դատապարտումի հաւաքներ ու բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան հայրենիքի թէ աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներու մէջ` Երեւանէն մինչեւ Պոլիս ու Ուաշինկթըն:
Խորքին մէջ դեկտեմբեր 2012-էն ետք յունուար եւ օգոստոս 2013-ի վերանորոգուած այդ յարձակումին թիրախ դարձած հայուհիներու պարագան նորութիւն չէ հայու եղերաբախտ պատմութեան ծանօթ եւ թրքական մտածողութեան գաղափարական ծալքերուն քաջածանօթներուն համար: Թուրքիոյ մէջ (յատկապէս դատական պատկան մարմիններուն մօտ) այդ դէպքերուն առնչութեամբ որոշ տարակարծութիւն կը տիրէ` յարձակումի այդ արարքներու իսկական դրդապատճառներուն գծով: Ոմանք սովորական, պատահական, գողութեան կամ կողոպուտի կը վերագրեն մէկէ աւելի հայուհիներու դէմ յարձակումի արարքները, կատարուած նոյն վայրին` Սամաթիոյ մէջ, նոյն ժամանակաշրջանին, ոճրային նոյն ոճով: Ուրիշներ սակայն (որոնք մեծամասնութիւն են) այդ դէպքերու ետին կը նշմարեն 1915-ի ցեղասպանութեան ուրուականը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին արիւնռուշտ պատգամ մը:

Սուլթան Այքար

Թրֆանտա Աշըգ

Մարկրիթ Չամքոշօղլու

Մարիձա Քիւչիւք
Փաստօրէն, ինչպէս Արեւելքի (եթէ ոչ համայն մարդկութան մօտ) գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն մօտ, այնպէս ալ հայութեան մօտ, ընկերութեան եւ ընտանիքի տկար տարրերէն կը նկատուին երեխաները, կիներն ու տարեցները, որոնք ընդհանրապէս անզօր կ՛ըլլան առանձինն ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Այս պարագային յարձակումի թիրախ դարձած հայուհիները (Մարիձա Քիւչիւք, Թրֆանտա Աշըգ, Սուլթան Այքար, Եւա եւ այլ հայուհի մը, որ նախընտրած է չբացայայտել անունը) միայնակ ապրող տարեցներ են: Յարձակումին իբրեւ հետեւանք անոնց երկուքին մէկ աչքը կուրցած է, ուրիշ մը ձախող առեւանգումի ենթարկուած է: 84-ամեայ Մարիձա Քիւչիւք բրածեծ եղած ու անոր մերկացուած դիակին կուրծքին վրայ դաշոյնով արիւնոտ խաչի նշան գծուած է: 17 օգոստոս 2013-ին այլ հայուհի մը յարձակման կ՛ենթարկուի տմարդի նոյն ոճով: 80-ամեայ Մարկրիթ Չամքոշօղլու բիրտ յարձակման կ՛ենթարկուի, բայց բախտը կ՛ունենայ ազատելու ոճրագործէն:

Թրքական հակասական կեցուածքներ
Անցնող դարերուն, ինչպէս նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան սարսափազդու օրերուն ու անկէ ետք ալ թուրքերու կողմէ ամէնէն ծանր հարուածը ստացած են հայուհիները (բռնաբարում, աննկարագրելի չարչարանք, սով ու սարսափ…)` տկարը հարուածելու թրքավարի բացայայտ ոճով… Պատահական չէ, որ հայութեան կրած չարչարանքը, Եղեռնի ամէնէն ահաւոր տեսարանները հայուհիներուն վիճակուած ահաւոր պատկերներով ներկայացուած են ամէնուրեք, հայկական թէ օտար մամուլին մէջ: Իր ընտանիքի արժանապատուութեան նախանձախնդիր հայու տիպարը բարոյալքելու միտող, զինք անզօր ու իր հարազատները պաշտպանելու անկարող ներկայացնելու թրքավարի ամէնէն աժան միջոցներէն մէկն է այս` հարուածել տկար ու միայնակ տարեց հայուհիները:
Այս իմաստով ֆրանսական «Իսթուար» պարբերաթերթը յատուկ թղթածրար մը հրատարակած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` թարգմանաբար լոյս ընծայելով դոկտ. Վահէ Թաշճեանի Ցեղասպանութեան առնչակից հայուհիներու մասին մէկ յօդուածը: Պարբերաթերթի կողքը յատկացուած է հայուհիներու եւ որբերու մէկ պատկերին: Անցեալին եւս բազմաթիւ վկայութիւններ եղած են հայուհիներու կրած հալածանքին ու չարչարանքին մասին, որոնցմէ ամէնէն զգայացունցը 1915-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած հայութեան դահիճ` Թալէաթի գաղտնի հրահանգն էր (հրատարակուած` հետագային անոր յուշերուն մէջ, իր կնոջ կողմէ բացայայտուելէ ետք):
Արդէն հաղորդուած է, թէ Երիտասարդ թուրքերու հրամանով կառավարութիւնը որոշած է Թուրքիա բնակող բոլոր հայերը ամբողջութեամբ բնաջնջել: Անոնք, որոնք կ՛ընդդիմանան այդ հրամանին ու որոշումին, կը զրկուին քաղաքացիութենէ: Առանց հաշուի առնելու կիները, երեխաները, հիւանդները, որքան ալ դաժան ըլլան բնաջնջման միջոցները, առանց խղճի խայթի վերջ տուէք անոնց գոյութեան…
ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱ
1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ
ներքին գործոց նախարար
«Թէ ինչո՞ւ հայուհիները հարուածել» բնազդային հարցումին կը յաջորդեն այլ ինչուներ` ինչո՞ւ Սամաթիոյ հայուհիները, ինչո՞ւ քրիստոնեայ հայուհիները, ինչո՞ւ ոճրային այդ արարքներու այս թուականին զուգադիպութիւնը եւ այլն: Վերյիշելով պատմական դէպքերը` յայտնենք, թէ մայիս 1453-ին, երբ օսմանցի սուլթան Մոհամետ Բ. գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը եւ այդ պատճառով ալ «Ֆաթիհ» կոչուեցաւ, յաղթական իր զինուորներուն շնորհած եռօրեայ ցնծութեան «արձակուրդ»-էն ետք անդրադարձաւ, թէ անոնք քարուքանդ ըրած էին քաղաքը, եւ ուզեց վերաշինել տալ զայն` շինարար հայերու ձեռքերով: Այդ նպատակով ալ բերել տուաւ տակաւին Կոստանդնուպոլիս գտնուող հայ կրօնաւորը` Յովակիմ քահանան:
Ֆաթիհ սուլթան իրազեկ ըլլալով այն իրողութեան, թէ պետութեան եւ քաղաքական իշխանութեան բացակայութեան հայ ժողովուրդի առաջնորդն էր եկեղեցին` Յովակիմ քահանան կը բարձրացնէ պատրիարքի աստիճանին` թելադրելով, որ ան յետս կոչէ քաղաքը լքած հայերը, խոստանալով յատուկ պատրիարքարան մը շինել տալ: Ու իրապէս 1461-ին կ՛աւարտի Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կառուցումը Սամաթիոյ թաղամասին մէջ: Հոսկէ` Սամաթիոյ ունեցած խորհրդանշական իմաստը պոլսահայութեան ու առհասարակ հայութեան համար: Սամաթիա պոլսահայութեան երբեմնի սիրտն ու կորիզն էր: Երեք միլիոն բնակիչ հաշուող քաղաքին մէջ այսօր միայն ութ հազար հայեր կ՛ապրին, ըստ անգլիատառ «Տի Էքոնոմիսթ» շաբաթաթերթին:
«Ինչո՞ւ քրիստոնեայ հայուհիներ (եւ ոչ այլ կրօնքի հետեւորդներ) թիրախ են» հարցումին յարմարագոյն պատասխանը թրքական երբեմնի համաթուրանական ծրագիրի գաղափարախօսութիւնն է, որ վերակենդանացած էր նախկին նախագահ Թիւրկիւթ Էօզալի օրով: Քրիստոնեայ հայեր (եւ քրիստոնեայ Հայաստան մը) գլխաւոր խոչընդոտ են նման գաղափարախօսութեան իրականացման ճամբուն վրայ:
Ինչո՞ւ ժամանակագրական այս թուականի զուգադիպութիւնը: Պարզապէս որովհետեւ անցեալի նմանօրինակ տխուր պատահարներէն փրկուելու համար հայեր կ՛ապաստանէին Լիբանան կամ միջինարեւելեան այլ երկիրներ: Այսօր, շնորհիւ այսպէս կոչուած «արաբական գարուն»-ին ոչ նախանձելի հետեւանքներուն, արաբական երբեմնի այդ հիւրընկալ երկիրներու ընձեռած ապաստանարաններն ալ անյարմար կը թուին իրենց զաւակներուն ապահով երդիք փնտռող հայերուն համար: Հետեւաբար, անոնք պիտի նախընտրեն մեկնիլ հեռաւոր ամերիկաներն ու եւրոպաները, քան մօտակայ հայրենիք կամ հայրենամերձ միջինարեւելեան երկիրներ: Հայութիւնը հայրենամերձ շրջաններէն հեռացնելու քայլ մըն է, զոր կ՛ուզէ իրագործել մերօրեայ թուրք դահիճը:
Եթէ փորձենք Սամաթիոյ տարեց ու միայնակ ապրող հայուհիներուն դէմ այս յարձակումներու արարքը բաղդատել անցեալի, յատկապէս` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նախորդող օրերուն տիրող մթնոլորտին, կը նկատենք, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` նոյն թիրախով, բայց տարբեր մարտավարութեամբ: Փաստօրէն, անցեալին անտէր, անպաշտպան հայ գիւղացիին ֆիզիքական թէ բարոյական գոյութեան սպառնացած թուրք վարչակարգը (օրին իրեն ենթակայ գործակալ մանկլաւիկներու թէ տխրահռչակ համիտեան գունդերու հրոսակային արշաւախումբերով եւ աւելի ուշ` Ատանայի կանխամտածուած ջարդերով) նոյն թուրքին ժառանգորդը այսօր եւս կը փորձէ ստեղծել ահ ու սարսափի նոյն մթնոլորտը: Անցեալին եթէ բռնագաղթի միջոցով ուզած էր իր բնիկ հայորդիներէն պարպել հայութեան դարաւոր հայրենիքը` Արեւմտահայաստանը, այսօր եւս կը փորձէ հայերը մղել ինքնակամ հեռանալու իրենց տուներէն: Այլ խօսքով, թրքական իշխանութեան ներքեւ ապրող հայեր միշտ ալ լռելեայն թէ բացայայտ հալածանքի ենթարկուած են, իսկ ցաւալին ու մտահոգիչը այն է, որ թշնամական արարքի թիրախ եղող հայեր կը նախընտրեն լռել ու չբողոքել` խուսափելով դահիճի փոխադարձ հակահարուածէն ու աւելի կարեւորը` պաշտպանութեան օրինական թէ գործնական միջոցառումներու չգոյութեան պատճառով:

Դրացիիս մի՜ դպչիր…
Փաստօրէն, թրքական ոստիկանութեան թէ օրինական պաշտպանութեան դիմած հայեր յաճախ «հարցը չհրահրելու, նոյնիսկ երկրէն հեռանալու «իմաստուն» խրատներ» ալ լսած են: Որոշ բացառութիւն կը կազմէ նահատակ Հրանդ Տինքի պարագան, որ կարելի է վերագրել մամուլին կողմէ լայն լուսարձակի տակ առնուելու իրողութեան (որ թէեւ տակաւին դրական հայանպաստ արդիւնքի չյանգեցաւ…): Թրքական ընդդիմադիր իրաւապաշտպան աղբիւրներու համաձայն, վերջին տարիներուն հարիւրաւոր հակահայ արարքներու գծով թրքական դատական պատկան իշխանութեանց ներկայացուած բողոքի դիմումները գործնական արդիւնքներու չեն յանգած, հակահայ խտրականութեան, ձգձգումի, անտեսումի (թրքական պաշտօնական) քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք: Մամուլին վրայ բանեցուած գրաքննութիւնը առաւել եւս լուսանցքայնացուցած ու մթութեան մէջ թաղած է այդ եւ նման դիմումներ…
Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը: Թուրքիա այսօր կը վարէ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն: Մէկ կողմէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի նահատակ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ջանքերով մեկնարկած անկիւնադարձային հանգրուանի խթան հանդիսացած` որոշ հանդուրժողական տրամադրութիւնները (Ցեղասպանութենէն ճողոպրած` Հրանուշ տատիկի թոռան` իրաւաբան Ֆաթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս» խորագրեալ գիրքին հրատարակութիւնը… հայերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին առնչուող «թապու»-ներու աստիճանական նուազումը, մեղմացումը…), ապա Հրանդ Տինքի նահատակութեամբ «պոռթկացած» հայանպաստ կոչերու, կեցուածքներու երեւոյթը, եւ միւս կողմէ` խաւարի մէջ գործող մութ ձեռքերու ոճրային արարքները (թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր` Սեւակ Շահին Պալըքճիի նահատակութիւնը) Ապրիլեան սգատօնի նախօրեակին` իր թուրք զինակիցին կողմէ արձակուած դաւաճան փամփուշտով, թրքական «Գորշ գայլեր»-ու յաճախակի հակահայ «ելոյթները»… պատեհ առիթներով Պոլսոյ հայաբնակ տուներու ճակտին գծուած խաչաձեւ նշաններու երեւոյթը եւ Սամաթիոյ տարեց հայուհիներուն դէմ կատարուած յարձակումները…: Ահա թէ ինչո՛ւ Սամաթիոյ հայուհիներուն դէմ կատարուած յարձակումներու երեւոյթը կարելի չէ նկատել սովորական, պատահական ոճիր կամ գողութեան ընթացիկ դէպք: Անիկա ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայկական բռնագրաւեալ հողերուն վրայ տակաւին ծածուկ թէ բացայայտ կերպով գոյատեւող հայու բեկորներուն եւ առհասարակ Թուրքիոյ հայութեան ճակատագիրին եւ իբրեւ այդպիսին, այսօր հայութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած մօտեցումը կը տարուբերի ու կը խարխափի երկու հակասութեանց միջեւ:
Մէկ կողմէ կայ օսմանեան, իթթիհատական ու աթաթուրքեան հայաջինջ գաղափարաբանութեամբ սնող մտայնութեան հոսանքը, որ հայկական կոթողները կամ Անիի պարիսպները վերանորոգելու կողքին կը փորձէ վերացնել հայութեան խորհրդանիշ արուեստի գործերը (ինչպէս` Անիի պարիսպներու նորոգման ընթացքին հայկական սուրի եւ խաչի նշաններու վերացումը, անտեսումը նորոգուած պարիսպի փորագրութիւններէն): Նահատակներ` Հրանդ Տինքի թէ Սեւակ Շահին Պալըքճիի դահիճներուն նկատմամբ թրքական դատարանին տուած անարդար, կողմնակալ ու ոչ խիստ վճիռը: Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանի գրաւեալ հայկական հողամասերուն վրայ շարունակուող մշակութային Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս կը հաստատէ թուրք հրատարակիչ Զարաքոլու: Իսկ Սամաթիոյ հայուհիներու դէմ գործուած ոճրային արարքին գծով, բացայայտ է թրքական դատական մարմիններուն բեմադրած խեղկատակութիւնը, ուր բոլոր յարձակումներուն իբրեւ յանցագործ կը ձերբակալուի հայ մը` Մուրատ Նազարեան, որ հոգեպէս հիւանդ մը ըլլալուն նոյնիսկ չի յիշեր, թէ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ իր շուրջ:
Մարկրիթ Չամքոշօղլու յարձակման ենթարկուեցաւ 17 օգոստոս 2013-ին, երբ արդէն ենթադրեալ յանցագործ Մուրատ Նազարեան ձերբակալուած էր, ինչ որ բացայայտ ցուցանիշ է, թէ յանցագործները, (բանտէն) «դուրս»-ը ազատօրէն եւ ծրագրուած ձեւով կը շարունակեն իրենց ոճրային արարքները: Թուրքիոյ մարդկային իրաւապաշտպան մարմինէն փաստաբան Էրեն Քեսքին յատուկ հանդիպում մը ունեցած է մեղադրեալ Նազարեանին հետ անոր արգելարանին մէջ ու շեշտած, որ Նազարեան անկարելի է, որ նման ոճիր գործած ըլլայ` պահանջելով ջնջել հետաքննութինը գաղտնօրէն վարելու որոշումը… Այս դէպքերը կը պատահին ինքզինք ժողովրդավար, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգող, քաղաքակրթուած ազգերու դասին պատկանիլ յաւակնող Թուրքիոյ մէջ, ուր տակաւին վերջերս լոյս տեսած իր տեղեկագիրով մարդկային իրաւանց պաշտպան` «Հիումըն ռայթզ ուոթչ»-ը կը քննադատէր Թուրքիոյ մէջ տիրող վիճակը: Ըստ այս կազմակերպութեան հրատարակած մէկ տեղեկագիրին, աւելի քան յիսուն հազար թրքուհիներ կ՛ապրին իրենց ամուսիններէն գաղտնի վայրերու մէջ` խուսափելով անոնց բիրտ վերաբերմունքէն: Վերջին տարիներուն 802 կիներ սպաննուած են իրենց ամուսիններուն կողմէ բանեցուած բռնութեանց պատճառով, ու այս դէպքերը պատահած են Թուրքիոյ այսպէս կոչուած յառաջդիմած, արդիական ու զարգացած քաղաքներուն` Պոլսոյ, Իզմիրի եւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ: «Յանցանք չէ սովորութիւն է» կ՛ըսէ առածը:
Միւս կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պայմաններուն յարմարելու եւ եւրոպացիներու «աչքին փոշի ցանելու» միտող ցուցական փորձերը` հայկական եկեղեցիներու վերաբացումը հայ հաւատացեալներու առջեւ, Թուրքիոյ սահմանադրական օրէնքները բարեփոխելու ճղճիմ փորձերը, հայկական գրաւեալ հողերուն վրայ իրենց գոյութիւնը քարշ տուող ծպտեալ, թաքուն հայերու ինքնութեան բացայայտումի փորձերուն գծով թրքական անտեսումը կամ լռութիւնը… Տակաւին` թրքական մարդկային իրաւանց իրաւապաշտպան կարգ մը կազմակերպութեանց եւ մարմիններու ցուցաբերած հայանպաստ, Հրանդ Տինքի թէ Սամաթիոյ հայուհիներու զօրակցութեան աննախընթաց բողոքի ելոյթները, թրքական «Տուրտէ» («Կա՛ց ըսէ ատելութեան, ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան») կազմակերպութեան զօրակցող ու քաջալերական մօտեցումները, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քիւրտ երեսփոխան` Կիւլթան Քըշանաքի, համալսարանի դասախօս եւ իրաւապաշտպան «Տուրտէ» նշեալ մարմինի անդամ հայասէր Այշէ Կիւնայսուի, թրքական «Ֆեմինիստ» կազմակերպութեանց անդամ իրաւապաշտպան կանանց հայանպաստ ուշագրաւ կեցուածքներն ու զօրակցութեան հաւաքները: Այս բոլորին հասարակաց եզրայանգումը այն է, որ հայուհին տագնապահար է, մտահոգ է, բայց միայնակ չէ, անտէր չէ:
Սամաթիոյ հայուհիները հարուածած արարքներու երեւոյթը ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ Լիբանանի մէջ իրաւական, պատասխանատու, քաղաքական թէ ընկերային կազմակերպութեանց գործօն տարրերու, հայ թէ ոչ հայ լիբանանցի իգական սեռի ծանօթ դէմքերու: Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն ի պատասխան արտայայտած զօրակցական խօսքերէն կը մէջբերենք հատուածներ` յաջորդող բաժինով:
Կը մնայ, որ հայուհին եւ անոր պաշտպան հայրենի թէ աշխարհասփիւռ պատկան կողմեր օգտուին հայանպաստ այս կեցուածքներէն, յատկապէս` Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուող որոշ ժողովրդավար մթնոլորտէն ու զանոնք առաւելագոյնս օգտագործեն ի սպաս հայուհիներու պաշտպանութեան եւ առհասարակ հայութեան Դատին բարւոք լուծման:
Թուրքիոյ մէջ ապրող կիները իրաւունքի մեծ հարց ունին, միջազգային կազմակերպութիւններ կը դատապարտեն այս երեւոյթը: Դժբախտաբար հայերս Թուրքիոյ մէջ ազգային խմբակցութիւն չունինք: Հայ կիներ կը հալածուին ֆիզիքապէս եւ ինքնապաշտպանութեան միջոց չունին: Սամաթիոյ հայուհիներու հարցը պէտք է հետապնդուի տեղական դատական պատկան մարմիններուն մօտ` Հրանդ Տինքի հարցին օրինակով: Միջազգային մակարդակի վրայ ցուցական աշխատանք կարելի է տանիլ ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններուն մօտ: Անհրաժեշտ է զօրակցիլ Սամաթիոյ ու առհասարակ հայուհիներու հարցերուն:
ԴՈԿՏ. ԹԱՄԱՐ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ
Ազգային երեսփոխան
Դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի
Նախկին անդամ Ազգային ուսումնական խորհուրդի
Թուրքիոյ մէջ ապրող հայուհիներուն դէմ յարձակումները բնականաբար դատապարտելի են: Հայոց դէմ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի` անուղղակիօրէն վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն համար:
Անտէր, անպաշտպան երէց հայուհիներուն դէմ կատարուող այս արարքներուն դէմ կարելի է բողոքել զանազան ձեւերով, օրինակ` հայկական կազմակերպութիւններ, ինչպէս` ՀՕՄ-ը, կրնան դիմել ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց պատկան մարմինին եւ պահանջել ազդու միջոցառումներ որդեգրել կանխարգիլելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:
ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ
Ատենապետ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի
Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ
21-րդ դարուն` համայն աշխարհի տարածքին ծաւալող մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հետամուտ քաղաքակրթութիւններու զարգացման այս շրջանին ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրեց թուրքին բարբարոսային ընթացքը վկա՛յ անցնող ամիսներուն պատահած` մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարող յարձակումները, որոնց ենթարկուեցան թրքաբնակ անօգնական ու տարեց հայուհիները. անվարան դատապարտելի արարք մըն է ասիկա, որուն նկատմամբ լուռ ականատեսի կեցուածք որդեգրելը ո՛չ միայն այպանելի, այլ նոյնիսկ դատապարտելի է:
Արդարեւ, եթէ ոչ համայն հայութիւնը, գէթ Թուրքիոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ եւ պաշտպաններ այս հարցը մինչեւ վերջ հետապնդելով` պէտք է վնասուց հատուցում ձեռք բերեն այս հարցի նկատմամբ ցարդ անհեթեթ կեցուածք ցուցաբերող պատասխանատուներէն, որպէսզի նման պատահարներ ա՛լ չկրկնուին եւ հայը իր արժանապատուութեամբ ապրի Թուրքիա կամ այլուր:
ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ատենապետ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
Թուրքիոյ հայուհիներուն դէմ գործուած յարձակումները անշուշտ դատապարտելի են: Թուրքիան տակաւին չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը: Ան անուղղակիօրէն կը հրահրէ, կը ճնշէ միշտ տկարներուն վրայ, ինչպէս որ ըրաւ Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Հիմա ալ կ՛ընտրէ տարիքոտ կիներ` որպէս թիրախ: Այս մէկը նաեւ ցոյց կու տայ թրքական ամբողջ քաղաքականութիւնը, որ կրկնութիւնն է նախկինին: Բռնագաղթի փոխարէն այսօր Թուրքիա վախի ու սարսափի մթնոլորտ կ՛ուզէ ստեղծել, որպէսզի այդտեղի հայերը կամովին լքեն իրենց տուները եւ արտագաղթեն:
ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայոց պատմութեան դասատու,
միութենական գործօն անդամ
Բնականաբար ընդունելի չեն ոճրային նման դէպքեր: Նման արարքներ երբեք չեն նպաստեր մեղմացնելու Թուրքիոյ մասին մեր ունեցած ահաւոր տպաւորութիւնը, յատկապէս երբ կը նկատենք, թէ Թուրքիա ինչ կ՛ընէ տագնապահար մերձակայ երկիրներու մէջ: Կրկնակիօրէն կը դատապարտենք Սամաթիոյ հայուհիներուն դէմ կատարուածը:
ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Դեղագործուհի, պատասխանատու անդամ`
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին
Անձնապէս իմ եւ գլխաւորած կազմակերպութեանս անունով կը դատապարտեմ Սամաթիոյ հայուհիներուն դէմ գործուած ոճրային արարքը` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով անոնց:
Նաեւ կը խոնարհիմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ, լրիւ նեցուկ կանգնելով ի նպաստ Հայ դատին տարուող աշխատանքներուն:
ՊՐԻԺԻԹ ՉԵԼԷՊԵԱՆ
Իրաւաբան, հիմնադիր տնօրէն Արդարութիւն
առանց սահմաններու կազմակերպութեան
Սամաթիոյ մէջ տարեց հայուհիներու դէմ գործուած ոճիրը միայն հայութեան վերաբերող ոճիր չէ, որեւէ երկրի մէջ նման ոճիր պէտք չէ պատահի ու եթէ այդ հայուհիները սպաննուած են իրենց հայկական պատկանելիութեան պատճառով, ապա այն ատեն այս հարցը կը դառնայ մարդկային իրաւանց առնչուող հարց, եւ Թուրքիա այս դիտանկիւնէն պատասխանատու կը նկատուի, իսկ մենք ազատ ենք այս հարցը արծարծելու Թուրքիոյ մէջ: Կը շարունակենք պայքարիլ եւ բողոքել, այն գծով, որ Թուրքիա չի կրնար մաս կազմել քաղաքակրթուած ընկերութեան կամ արժանանալ որեւէ օտար պետութեան օգնութեան կամ բարեկամութեան, այնքան ատեն որ իր երկրին մէջ չի կրնար պաշտպանել իր ժողովուրդը` բոլոր փոքրամասնութիւններով:
ԱՐՍԻՆԷ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հանրածանօթ դերասան, բեմադրիչ
Թուրքիոյ հայուհիներուն դէմ կատարուած այդ թշնամական արարքներու ետին կայ քաղաքական հեռանկար: Կը զօրակցինք այս առնչութեամբ ներկայացուած բողոքի դիմումներուն ու կը դատապարտենք նման արարքներ, մեր ամբողջական տրամադրութիւնը յայտնելով` այս հարցը լուսարձակի տակ առնելու:
ՆԱՏԻՆ ՄՈԱՈՒԱՏ
Կնոջական իրաւունքներու պաշտպան ջատագով
Հիմնադիր անդամ` լիբանանեան «Նասաուիա»
կնոջական կայքին
Անշուշտ կը դատապարտենք Թուրքիոյ մէջ հայուհիներու դէմ գործուած յարձակումը: Մենք դէմ ենք բիրտ ուժի գործածութեան որեւէ արարքի, մեծապէս կը դատապարտենք զայն: Աւելի ընդվզեցուցիչ է իրենց տուներուն մէջ հանդարտ նստած խաղաղ կիներուն դէմ կատարուած ոճրային այդ արարքները: Նմանապէս կը զօրակցինք հայութեան պայքարին ու կը յարգենք 1915-ի հայ նահատակներուն յիշատակը:
ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ ՀԱՅԱԹ (ՖԷՅՍԱԼ) ԱՐՍԼԱՆ
Կնոջական իրաւունքներու պաշտպան գործիչ Անդամ`
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին
Կը դատապարտենք մարդկութեան դէմ ամէն ձեւի ոճրային արարք, սակայն դատապարտելը բաւարար չէ, հարկ է գործնական քայլերու դիմել` կանխարգիլելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը: Թուրքիոյ պարագային նորութիւն չեն նման ոճրային արարքներ, ոճրագործութիւնը անոր քաղաքականութեան հիմնաքարն է ու ներկայիս Սուրիոյ մէջ անոր կատարածը բացայայտ ցուցանիշ է: Ան ինչ որ կ՛ուզէ կատարել, կ՛իրականացնէ ոճրային միջոցներով: Թուրքիա կ՛երազէ վերակենդանացնել իր երբեմնի կայսրութիւնը: Մենք թուրք ժողովուրդին դէմ չենք, այնպէս ինչպէս ամերիկացի ժողովուրդին դէմ չենք: Մենք դէմ ենք ու կը դատապարտենք թրքական պետութեան, վարչամեքենային ու կառավարութեան կիրարկած քաղաքականութիւնը:
Թուրքիոյ հայուհիներու հարցը չի սահմանափակուիր դատապարտումով, հարկ է զայն հետապնդել գործնական քայլերով:
ԼԻՆՏԱ ՄԱԹԱՐ
Լիբանանցի կնոջ իրաւունքներու լիկայի նախկին նախագահ
Կնոջական իրաւունքներու գործօն ջատագով

Բուռն կերպով կը դատապարտենք Թուրքիոյ հայուհիներուն դէմ կատարուած յարձակումը ու կը զօրակցինք յարձակումի ենթարկուածներուն: Ես ինքս Թուրքիոյ մէջ մորթուած ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով` ապրիլեան ոգեկոչումներուն կը զօրակցինք հայերուն` դատապարտելով 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան պատահած ջարդերը եւ մաղթելով, որ չկրկնուին անոնք: Հարկ է լուծել այդ ջարդերուն տուն տուող պատճառները` կանխարգիլելու համար նման բռնարարքներու կրկնութիւնը:
ԺԱՄԱԼ ՀԸՐՄԵԶ ՂՊՐԻԼ
Նախագահ` Լիբանանցի կնոջական խորհուրդին


…Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին: