Դահուկարշաւ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Պիտի Ըլլայ Վարկանշային
12-16 յունուար 2014-ին Ծաղկաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ArmSport.am-ին յայտնեց, որ ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ վարկանշային:
Սոչի-2014-ի սկիզբէն մէկ ամիս առաջ հայ դահուկորդները կարելիութիւնը պիտի ունենան աւելցնելու իրենց վարկանշային կէտերը:
Ներկայ դրութեամբ կը շարունակէ ArmSport.am, ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք նուաճած է միայն Սերկէյ Միքայէլեան, որ այս ամիս յաջող ելոյթներ ունեցաւ Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքերուն:
Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 15 տարեկան եւ վեր, 40-50 դահուկորդներ:
CATEGORIES Մարզական

