Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մաքսակէտի Բացառումը Արցախի Հայապատկանելիութեան Իրաւականացումն Է

Ղազախստանի նախագահը յատուկ կարծիք կցելով Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ «ճամբու քարտէս»-ի փաստաթուղթին տակ ստորագրելու պահուն, յստակացման առումով կարեւոր քայլ առաւ: Այս խնդիրին յստակացումը   խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին առաջինը արծարծեց ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, որ այնպէս ալ պատասխան չստացաւ:

Առաջին անգամը չէ, որ Մաքսային միութեան անդամ եւ Պաքուի հետ յատկապէս տնտեսական գերշահութային յարաբերութիւններու մէջ գտնուող երկիրներու ներկայացուցիչները նման վերապահումներով հանդէս կու գան Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան գործընթացին մէջ: Նոյնքան պարզ է, որ Պաքուն ճիգ պիտի չխնայէ նման դրսեւորումներու ապահովումով խոչընդոտելու Հայաստանի` Մաքսային միութեան միացումը կամ աւելի ճիշդը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ մաքսակէտի ճշդումը, Արցախը թէ՛ իրողապէս եւ թէ՛ իրաւական գետնի վրայ դուրս ձգելով Մաքսային միութեան սահմաններէն: Պաքուի ռազմավարութիւնը այս հարցին մէջ Հայաստանի մեկուսացումն է թէ՛ ընկերակցութեան համաձայնագրի շրջանակներէն եւ թէ՛ Մաքսային միութենէն: Այլ խօսքով ոչ միայն «ե՛ւ ե՛ւ»-ի չաշխատիլը, այլ նաեւ «կամ կամ»-ինը: Նման կարգավիճակի բանաձեւը գուցէ ըլլայ ո՛չ այս, ո՛չ այն: Կամ ալ մեկուսացման առումով «թէ՛ թէ՛»:

Պարզ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ որդեգրուած բազմաշառաւիղային (բազմավեկտոր) արտաքին քաղաքականութիւնը որոշակի խոչընդոտներու կը հանդիպի: Բայց կայ ի վերջոյ առաջնայնութեան խնդիր եւ այս պարագային Արցախի ներկայ իրողութեան ընկալման խնդիրն է այս կամ այն միութեան կողմէ: Նոյն հարցը կարելի էր տալ նաեւ Եւրոպական Միութեան` իմանալու համար, որ «խոր եւ համապարփակ առեւտուր»-ի համաձայնագիրը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէր արցախեան տարածքը:

Նախագահ Փութինը իր խօսքը չէ ըսած տակաւին: Այսուհանդերձ, Հայաստանի` Մաքսային միութեան մուտք գործելու պարագային արցախեան կարգավիճակը ընդհանրապէս քննարկման թեմա պէտք չէ դառնայ: Այս առումով ուղենշային է Ստեփանակերտի դիրքորոշումը, որ արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի համաձայն, ճիշդ չեն քննարկումները, թէ ինչ  պիտի ըլլայ Արցախի «ճակատագիրը» Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու պարագային:

Վարչապետին խօսքով, Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ մաքսակէտի գոյութիւնը պէտք է բացառել:

«Մաքսային միութեան երկիրները տակաւին նախնական ծրագրաւորման ու բանակցութիւններու փուլին մէջ են, բնականաբար, անոնք թեքնիք շարք մը յստակացումներու կարիք ունին: Բայց մէկ բան միանշանակ է` Արցախի սահմանները ո՛չ որեւէ պետութեան, ո՛չ ալ պետութիւններու խումբերու կողմէ վիճարկման ենթակայ են»:

Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միաժամանակ Արցախի ներառումը Մաքսային միութեան, տարածքի հայապատկանելիութեան փաստացի ընդունումը կ՛ըլլայ Մաքսային միութեան պետութիւններուն կողմէ: Ռազմավարական գետնի վրայ հաւանաբար աւելի նպատակայարմար կ՛ըլլար, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ միաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առընթեր ունենար «ճամբու քարտէս»` միանալու Մաքսային միութեան: Այս աւելի համահունչ էր դէպի միջազգային ճանաչում ուղղուող Արցախին: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ համատեղ Արցախի ներառումը Մաքսային միութեան արդէն իսկ  կը փաստէ, որ Արցախը իր ներկայ սահմաններով Մաքսային միութեան անդամ պետութիւններուն համար դուրս է ազրպէյճանական տարածքէն: Այս մէկը արդէն կրնայ  դիտուիլ դէպի իրաւական ճանաչում արձանագրուող գործընթացներուն մէջ կարեւոր շրջադարձ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES