Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք ձեր դրամին` առեւտուրի պարագային թէ շուկայի  մէջ, որպէսզի քսակահատի մը կամ սխալ հաշիւի մը պատճառով գումար չկորսնցնէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վերջերս ձեր իրագործած աշխատանքները պիտի գնահատուին ձեր վարպետին, տնօրէնին կամ ձեր շրջապատին մէջ: Շարունակեցէք նոյն եռանդով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք այնպիսի անձերու, որոնք արժանի չեն յարգանքի կամ նոյնիսկ բարեւի: Ճանչցէք ձեր շրջապատին մէջ գտնուող անձերը: Ունիք զօրաւոր դատողութիւն, հետեւեցէք անոր:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ջանացէք մնալ կառչած` ձեր որոշումները իրագործելու աշխատանքին, առանց ազդուելու տարբեր կողմերէ լսուած կարծիքներէն: Կեդրոնացէք ձեր նպատակին վրայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ պնդէք ձեր արտայայտած տեսակէտին, լսեցէք ուրիշներու կարծիքն ալ, որպէսզի կարենաք գտնել ոսկի միջինը, որ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադիր եղէք կլիմայական փոփոխութեան, հեռու մնացէք խճողուած վայրերէ, ուր մանրէները վարակիչ բնոյթ կ՛ունենան: Նուէր պիտի ստանաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տեղափոխութիւն մը հաւանական է ոչ հեռու տեղ մը, ուր կրնաք ունենալ ձեր աշխատանքին վերաբերեալ համաձայնութիւն մը: Հանդուրժող եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արտասահման գտնուող ձեր հարազատները կամ բարեկամները ձեզմէ տեղեկութիւն կը սպասեն: Մի՛ զլանաք ձեր կեանքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կրնաք հաշտարար դեր մը խաղացէք երկու բարեկամներու միջեւ: Ձեր միջամտութիւնը կրնայ փարատել թիւրիմացութիւն մը: Արդար եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մտմտուքի մէջ իյնալը կամ վաղուան առնչուած հարցերու մասին մանրամասն մտածելը օգուտ մը չունի: Միշտ մտածեցէք, որ տան հաշիւը շուկայի հաշիւին չի համապատասխաներ: Խոհեմ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծրագիր մը պիտի հանդիպի խոչընդոտի, հակառակ ձեր կամեցողութեան: Հարցը ողբալի կամ ճակատագրական չէ, այլ անցողակի: Թեթեւի առէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը լիուլի պիտի կատարէք, եթէ նոյնիսկ ձեր գաղափարին համաձայն չէ: Օրը ունի յաւելեալ աշխատանք, առանց տրտունջի կատարեցէք:

Share this Article
CATEGORIES