50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1963)

Ազգային Գաւառական Ժողովի Երէկուան Նիստը

Ընտրուեցան Կրօնական Եւ
Քաղաքական Նոր Ժողովները

Ազգային գաւառական ժողովը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 1963-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարած էր իր առաջին նիստը:

Կարդացուած եւ վաւերացուած էր նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Ունկնդրուած էին նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները:

Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 1963-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ժողովը շարունակելով աշխատանքները` գումարեց իր երկրորդ նիստը Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին:

Ըստ էութեան քննութեան ենթարկուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու գործունէութեան տեղեկագիրները եւ քուէարկուեցան գնահատանքի արժանի բանաձեւեր:

Այնուհետեւ, գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի ունեցան ընտրութիւնները Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու նոր անդամներուն:

Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան Յարութիւն Ա. քհնյ. Կէպէնլեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Այանեան, Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեան, Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեան, Վրթանէս քհնյ. Թոնդեան, Վազգէն քհնյ. Ներկիզեան եւ Արշէն քհնյ. Աշըգեան:

Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Գառնիկ Մինասեան, Գէորգ Երեւանեան, տոքթ. Յակոբ Գասապեան, Յակոբ Քարբանեան, մեթր Վարդգէս Շամլեան, Արշաւիր Յովսէփեան եւ Յակոբ Թահան:

 

ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք

Միջվարժարանային
Արտասանական Մրցում

ՀՅԴ Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան միութեան երէցներուն կողմէ կազմակերպուած հայկական միջվարժարանային արտասանական մրցումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1963-ին` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան սրահին մէջ:

Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր ծնողներով եւ աշակերտներով:

Պատանեկան միութեան վարչութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Մուշեղ Մարտիկեան:

Հրաւիրուած վարժարաններէն միայն երեքը կը մասնակցէին.-

Ճեմարանի նախակրթարանի բաժին, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարան եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ վարժարան:

Մրցումին մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ պարտադիր արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկ»-ը:

Իբրեւ ազատ ընտրութիւն Մարի Աճեմեան արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանին «Գնաս բարով հայ ուխտաւոր»-ը, Արփի Արմուտեան եւ Անի Քենտիրճեան արտասանեցին Սարմէնի «Հայրենի տունը», Նշան Պասմաճեան` Վահան Տէրեանի «Իլիկը», Սառա Ղազարեան` Սարգիս Սահակեանի «Տաղ առ հայերէն»-ը եւ Վարդուհի Քողոզեան` Սիամանթոյի «Ներբողական»-ը:

Տեղւոյն վրայ կազմուած հինգ հոգինոց դատական կազմը ո՛չ միայն գնահատեց մրցումին մասնակցողներուն յաջող արտասանութիւնները, այլեւ ընդգծեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին ունեցած առաւելութիւնները: Բոլորն ալ արժանացան Պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարչութեան մարմինի տրամադրած նուէր-գիրքերուն:

Առաջին անգամ ըլլալով նման ձեռնարկ մը կը կազմակերպէր Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան միութիւնը, որուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայ եղող պատանիներն ու աշակերտները:

Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան միութեան վարչութիւնը` քաջալերուած առաջին իսկ ձեռնարկին գտած յաջողութենէն, պիտի շարունակէ կազմակերպել արտասանական մրցումներուն այս շարքը:

Փափաքելի է, որ այս խիստ օգտաշատ ձեռնարկին յաջորդ անգամ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մեր բոլոր վարժարանները:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES