Մաքրութեան Օր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

makroutian-orՄիացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի շատ հաճելի սովորութիւն մը` մտահոգութիւններէն ձերբազատելու համար. «Կուտ ռիտընս տէյ», մեծ մաքրութեան օրուան մը նման:

Ան նոր սովորութիւն մըն է (միայն 6 տարեկան), սակայն Նիւ Եորքի բնակիչները եւ զբօսաշրջիկները շատ արագօրէն զայն որդեգրած են:

Ան «Կուտ ռետընս տէյ»-ն է, որ կրնանք ձեւով մը թարգմանել իբրեւ` մեծ մաքրութեան օր: Սկզբունքը դիւրին է: Մարդիկ իրենց գէշ յիշատակները կամ հարցերը, որոնցմէ կ՛ուզեն ձերբազատիլ, կը գրեն թուղթի մը վրայ, ապա, ըստ նախընտրութեան, այդ թուղթը կա՛մ աղբը կը նետեն, կա՛մ բզիկ-բզիկ կ՛ընեն, կամ ալ զայն կը ճզմեն մեծ մուրճով մը:

Այս ձեւով, 28 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի հարիւրաւոր բնակիչներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներ կը հաւաքուին քաղաքին կեդրոնը` Թայմզ Սքուէր, նախորդ տարուան մտահոգութիւնները հեռացնելու եւ Նոր տարուան ժպտելու համար: Այս մաղթանքները կրնաս սկսիլ պարզ անհամաձայնութիւններու վերջ դնելով եւ հասնիլ մինչեւ աւելի լուրջ հարցեր, ինչպէս` հիւանդութիւնը:

* * *

makroutian-or-1Սովորութիւններ

  • Այս «Կուտ ռիտընս տէյ»-ի սովորութիւնը յառաջացած է Հարաւային Ամերիկայի սովորութենէ մը:
  • Նոր տարին տօնելու համար հսկայական պուպրիկներու մէջ մարդիկ կը դնեն անցնող տարին խորհրդանշող առարկաներ, ապա զանոնք կ՛այրեն:
  • Նման Նոր տարուան տարօրինակ սովորութիւններ գոյութիւն ունին ուրիշ տեղեր ալ: Դանիոյ մէջ (Հիւսիսային Եւրոպա), անցնող տարուան բոլոր հին պնակները կը պահուին, ապա մարդիկ զանոնք կը կոտրեն իրենց տան դրան առջեւ:
  • Մինչ Յունաստանի մէջ պզտիկ դահեկան մը կը պահուի վասիլափեթա անուշեղէնին մէջ, գտնող անձին համար ան կը խորհրդանշէ  առողջութիւն եւ հարստութիւն` գալիք տարուան ընթացքին:

 

Խոհագիր

Կաղանդ Պապային Կարկանդակը

khohakir-5

Պէտք ունիս (12 քափքէյքերու համար)` 100 կրամ կակուղցած կարագ, 100 կրամ ալիւր, կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 100 կրամ շաքար, 2 հաւկիթ:

Զարդարելու համար` փոշի շաքար, ջուր, չամիչ, անուշցուած կեռաս, կլորակ տուրմի հատիկներ:

Պատրաստութիւն

khohakir-4

khohakir-3

khohakir-1[1]

 

 

 

 

 

 

1.- Փուռը ջերմացուր 180 աստիճան տաքութեամբ: 2.- Քէյքի բաղադրութեան բոլոր նիւթերը խորունկ ամանի մը մէջ դիր եւ լաւ մը հարէ (զարկ), մինչեւ խմորը սերի (քրեմ) պէս ըլլայ: 3.- Խմորը դգալ-դգալ դիր քափքէյքի յատուկ կաղապար ափսէին մէջ կամ թուղթէ քափքէյքի կաղապարներու մէջ: 4.- Ձգէ, որ եփին 10-15 վայրկեան: Ստուգելու համար, թէ անոնք եփած են, մատիդ ծայրովը մեղմօրէն շօշափէ. եթէ խմորը առաձգական է, ուրեմն կը նշանակէ, թէ անոնք եփած են: 5.- Փոքր կարկանդակները հանէ փուռէն եւ ձգէ, որ պաղին: 6.- Քիչ մը փոշի շաքար դիր ամանի մը մէջ, ջուրով խառնէ` կարկանդակին վրայ քսելիք սերը պատրաստելու համար: 7.- Պզտիկ դգալ մը գործածէ այս սերէն փոքր կարկանդակներուն վրայ Կաղանդ պապային մօրուքը եւ մազերը գծելու համար:

Չամիչները գործածէ իբրեւ աչք, կեռասը` իբրեւ քիթ եւ կլորակ տուրմերը` իբրեւ այտ:

 

Խաղ

Եղջերուներու Մրցումը

Նոր տարուան գիշերը հաճելի ժամանակ անցընելու համար այս խաղը կրնաս խաղալ ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ հետ:

Պէտք ունիս`
խաւաքարտ կտորի մը, մկրատի, խէժի, տարբեր գոյնի կոճակներու` իւրաքանչիւր խաղացողի համար, զառի մը:

Պատրաստութիւն
Այս խաղի բաժինը թերթի այս էջին մէջէն կտրէ եւ զայն խաւաքարտին վրայ փակցուր:

Ինչպէս
Իւրաքանչիւր խաղացող իր կարգին զառը կը նետէ եւ իր կոճակը կը յառաջացնէ իր գիծին վրայ: Երբ ան հրահանգի տուփիկի մը վրայ հասնի, պէտք է կատարէ իրմէ պահանջուածը: Դէպի սահնակ առաջին հասնողը կը շահի: Խաղալու կը սկսի այն անձը, որ 6 կը ստանայ:

Հրահանգներ

Ա) 1- Աչքերդ գոցէ՛ եւ ձախ կողմդ նստած անձին քիթին դպի՛ր: 2- Մէկ ոտքի վրայ ցատկէ՛ եւ մինչեւ 10 հաշուէ՛: 3- Սուլէ՛ 10 երկվայրկեան: 4- Երեւակայէ՛, որ պալէի պարուհի մըն ես: 5- 10 անգամ ցատկէ՛ ոտքերդ եւ թեւերդ բանալով:

Բ) 1- Կեցած տեղդ պարէ՛ 60 երկվայրկեան:

2- Ձեւացո՛ւր բան մը ուտել. շուրջիններդ կրնա՞ս կռահել, թէ ինչ կ՛ուտես: 3- Փոքրիկներու յատուկ երգ մը երգէ՛: 4- Գլխուդ վրայ թեթեւօրէն զա՛րկ եւ փորդ կլոր-կլոր շփէ՛: 5- Երեւակայէ, որ մէջքիդ շուրջը հուլա հոփ մը ունիս. 10 երկվայրկեան մէջքիդ շուրջ դարձո՛ւր:

Գ) 1- Կապիկի նման ձայներ հանէ՛: 2- Մնացած խաղին ընթացքին միայն այո կամ ոչ ըսէ՛: 3-Փորձէ՛ քիթիդ դպնալ լեզուովդ: 4- Կատակ մը պատմէ՛: 5- Ընտանիքիդ մասին 60 երկվայրկեան խօսէ՛ առանց որեւէ բառ կրկնելու:

Դ) 1- Երեւակայէ՛, որ նշանաւոր երգիչ մըն ես. շուրջիններդ կրնա՞ն կռահել, թէ դուն ով ես: 2- Մնացած խաղին ընթացքին մէկ ձեռքդ միշտ կռնակիդ ետեւ պահէ: 3- Հաւու պէս ձայն հանէ: 4- Քու աջ կողմդ նստած անձին հետ հագուածներէդ բան մը փոխանակէ: 5- Շաբթուան օրերը ըսէ հակառակ շարքով (ետեւէն առջեւ) արտասանելով:

Ե) 1- Երեւակայէ՛, որ փիղ մըն ես: 2- Երեւակայէ՛, որ կիթառ նուագող մըն ես 20 երկվայրկեանի համար: 3- Խաղին մնացեալ հանգրուանին պէտք չէ խօսիս, բացի եթէ հրահանգը քեզմէ պահանջէ խօսիլ: 4- Փաթթուէ՛ ձախ կողմդ գտնուող անձի: 5- Օփերա երգողի մը նման երգէ 10 երկվայրկեան:

khagh

Share this Article
CATEGORIES