Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ազունիէի Հիւանդանոցը
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, տարիներու սովորութեան համաձայն, այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարանը: Միաբան հայրեր հոգեւոր եւ ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին եւ ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին` հիւանդներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած խնամքին համար:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը շրջագայեցաւ հաստատութեան մէջ, այցելեց հիւանդներուն եւ կրկին անգամ իր ուրախութիւնը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն համար: Իսկ միաբան հայրերը Ս. Հաղորդութիւն տուին հիւանդներուն:
CATEGORIES Գաղութային

