Հենրիխ Մխիթարեան` Դարձեալ Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

henrikhՀայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի 2013-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր` «Հարսնաքար» համալիրին մէջ: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ամփոփուեցան «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ» անուանակարգին քուէարկութեան արդիւնքները:

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ այսպիսի պատիւի:

Մխիթարեան, որ ստացաւ 244 կէտ, պարգեւատրուեցաւ 4 միլիոն դրամով:

Երկրորդ դիրքը գրաւեց Եուրա Մովսիսեան (177 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Արազ Օզպիլիս (47 կէտ):

Ստորեւ` տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքները.

  ԿԷՏ
1.- Հենրիխ Մխիթարեան (Պորուսիա Տորթմունտ) 244
2.- Եուրա Մովսիսեան (Սպարտակ Մոսկուա)
3.- Արազ Օզպիլիս (Սպարտակ Մոսկուա)
177
47
4.- Ռոման Պերեզովսքի (Տինամօ Մոսկուա) 10
5.- Կարլեն Մկրտչեան (Անժի, Ռուսիա) 4
6.- Վարազդատ Հարոյեան (Փիւնիկ) 3
7.- Գէորգ Ղազարեան (Շախտիոր, Ղազախստան) 1
   

Նշենք, որ այս ձեռնարկին ընթացքին լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին յայտարարութիւնը կատարեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի, որուն մասնակցութեամբ նկարահանուած էր յատուկ տեսանիւթ, որուն ընթացքին Փլաթինի հայերէնով ողջունեց եւ արտասանեց լաւագոյն ֆութպոլիստին անունը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի լաւագոյն մարզիչին, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս այդ տիտղոսին տիրացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, որ ստացաւ 237 կէտ: Ան պարգեւատրուեցաւ 2 միլիոն դրամով:

Երկրորդ դիրքը 115 կէտով գրաւեց Արարատի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ախոյեան Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան (77 կէտ):

Share this Article
CATEGORIES