Ճատրակ. Ս. Ծննդեան Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Կազմակերպութեամբ


Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 60 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, տարբեր տարիքի դասակարգերու մէջ:
Վերոնշեալ ակումբին մշակութային կեդրոնին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցած այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան Ղազախստանի դեսպան Տոլեթ Եմիրտեւ, Ռուսիոյ հիւպատոս Եուսուփ Ապաքարով, Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Տարբեր դասակարգի մրցումներու մասնակիցները կազմակերպիչներուն կողմէ արժանացան ջերմ ընդունելութեան` բնականաբար կէսօրուան հիւրը ըլլալով անոնց:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- 1.- Մարք Շարթունի, 2.- Ռայան Համտուն եւ 3.- Ռամի Շըհայեպ:
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- 1.- Ժատ Համտուն, 2.- Ճենիֆըր Ապտալլա եւ 3.- Սերուժ Նազարէթեան:
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- 1.- Ժաուատ Ֆարհաթ, 2.- Մարիօ Շարթունի եւ 3.- Նարեկ Նազարէթեան:
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- 1.- Հատի Ֆարհաթ, 2.- Կարօ Գալֆայեան եւ 3.- Դաւիթ Մաթոսեան:
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԵՐ.- Ապտալլա Խալլուֆ, 2.- Ղազի Ապու Ղանեմ եւ 3.- Ռաուատ Թարապայ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ վերոնշեալ դիւանագիտական անձերուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ ակումբի նախագահ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտի:

