Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ 10 Նախարարներ Նորերով Փոխարինուեցան

Erdogan2612Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք իր գլխաւորութեամբ նոր նախարարաց խորհուրդ մը յայտարարեց, որուն մէջ 10 նոր նախարարներ նշանակուած են:

Նախարարական փոփոխութիւնները տեղի ունեցան փտածութեան հարցով հետաքննութեան պատճառով տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանի, ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլերի եւ կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքթարի հրաժարականէն ետք:

Չաղլայան հրաժարելէ առաջ յայտարարեց, որ ամէն բան կատարած է վարչապետ Էրտողանի գիտակցութեամբ եւ անոր կոչ ուղղեց իր կարգին հրաժարելու:

Վարչապետարանի քարտուղարութեան անդամ, Էրտողանի ամէնէն սերտ օգնականներէն Աֆքան Ալա փոխարինեց ներքին գործոց նախարար Կիւլերը: Տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ Նիհաթ Զէյպեքճի, իսկ Իտրիս Կիւլլիւճէ` կենսոլորտի նախարարութիւնը:

Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որուն անունը նաեւ նշուած է հետաքննութեան մէջ, իր կարգին կորսնցուց նախարարական աթոռը: Անոր պաշտօնը ստանձնեց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուի տեղակալ Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ ստանձնեց արդարադատութեան նախարարութիւնը, որովհետեւ Սատուլլահ Էրկին Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ յառաջիկայ տեղական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց:

Անգարայէն երեսփոխան Էմրուլլահ Իշլեր Պոզտաղի տեղ նշանակուեցաւ փոխվարչապետ:

Այշենուր Իսլամ Այլէ նշանակուեցաւ ընկերային հարցերու նախարար` փոխարինելով Ֆաթմա Շահինը, որ Այնթապի քաղաքապետութեան թեկնածու առաջադրուած է, իսկ Լիւթֆի Էլվան փոխարինեց փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմը, որ Իզմիրի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Սուաթ Քըլըչ եւ ճարտարարուեստի նախարար Նիհաթ Էրկին եւս կորսնցնելով իրենց նախարարական աթոռները փոխարինուեցան յաջորդաբար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչով եւ Ֆիքրի Ըշըքով:

Կապի, հաղորդակցութեան եւ ծովագնացութեան նախարար նշանակուած է Լիւթֆի Էլվան:

Նախկին Ներքին Գործոց Նախարար
Շահին Կը Հրաժարի Իշխող Կուսակցութենէն

Թուրքիոյ նախկին ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին յայտարարեց, որ կը հրաժարի Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն: Փտածութեան գայթակղութեան ծագումէն ետք, ասիկա իշխող կուսակցութենէն ականաւոր անդամի մը առաջին հրաժարականն է:

Շահին իր հրաժարականին մէջ ընդգծեց, որ ինք 2001-ին հիմնուած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է եւ մեծապէս ցնցուած է կուսակցութեան ղեկավարման ձեւէն:

«Երբ հարցը կը վերաբերի կառավարման, հասկնալի է, որ (կուսակցութիւնը) կը նախընտրէ քաղաքագէտներէ եւ դիւանակալներէ կազմուած սակաւապետական փոքրաթիւ անձնակազմի մը ցուցմունքները», գրած է Շահին` աւելցնելով, որ փտածութեան ծիրին մէջ ապահովական մարմիններու անդամներու պաշտօնազրկումներն ու «անկախ արդարադատութեան անկողմնակալ գնահատականները կարելի չէ տրամաբանութեամբ կամ արդարութեամբ բացատրել»:

Տաւութօղլու. «Իր Շրջանին Մէջ
Թուրքիոյ Կատարած Յեղափոխութիւնը
Անհանգստացուցած Է Ոմանց»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «իր աշխարհագրական տարածքին մէջ Թուրքիոյ կատարած յեղափոխութիւնը անհանգստացուցած է ոմանց»: Անոր յայտարարութիւնը համահունչ էր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիա արտաքին դաւի մը թիրախն է:

«Եթէ այսօր ոմանք մեր մասին որոշ հաշիւներ կը կատարեն, եթէ ոմանց անհանգստացուցած ենք, վստահ եղէք, որ ատիկա այս հողին վրայ մեր սկսած յեղափոխութեան պատճառով է», ըսաւ ան:

«Թուրքիոյ վերելքի ընթացքը պիտի շարունակուի ով ինչ ալ ըսէ: Մեր ի մտի ունեցած Թուրքիան խաղաղ է, հիմնուած ժողովուրդի գերիշխանութեան վրայ, իր ժողովուրդին հաշուետու, իր դրացիներուն հետ համարկուած եւ իր քաղաքականութեամբ, մշակոյթով եւ տնտեսութեամբ ամբողջ աշխարհի տարածքին իր մասին կը խօսեցնէ: Գործարարները այս երթին մէջ մեր մեծագոյն զէնքը պիտի ըլլան», ըսաւ Տաւութօղլու:

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծի
Բանաձեւման Յանձնախումբը
Պաշտօնապէս Լուծարուեցաւ

Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան նախագիծի բանաձեւման յանձնախումբը իր կազմութենէն երկու տարի ետք լուծարուեցաւ, երբ յանձնախումբին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն եղող անդամները բացակայեցան երեք իրերայաջորդ ժողովներէ, այդպիսով խախտելով ներքին կանոնները:

Խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք յայտարարած էր, որ յանձնախումբը ձախողած է ճշդուած ժամանակի ընթացքին նախագիծ մը պատրաստել, ուստի անոր աշխատանքի շարունակման կարիք չկայ: Այդ յայտարարութենէն ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարած էր, որ կուսակցութեան անդամները յանձնախումբի ժողովներուն պիտի չմասնակցին:

Յանձնախումբը կազմուած էր 2011-ի ընտրութիւններէն ետք եւ իր աշխատանքը պէտք էր աւարտէր 2012-ի աւարտին: Թէեւ անոր նստաշրջանը երկու անգամ սպառած է, սակայն յանձնախումբը առաջարկուած 150 յօդուածներէն միայն 60-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES